ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Տի.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին, Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւանց հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկ, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն մասին պատրաստած իր տեղեկագրին մէջ խստիւ քննադատեց վարժարաններու մէջ ամէն օր աշակերտներուն արտասանել պարտադրուած «Երանի՜ անոր, որ թուրք եմ կ՛ըսէ» խօսքը։ Համմըրպըրկ ըսաւ, որ այս խօսքով աշակերտները կը պարտաւորուին վսեմացնել միայն մէկ ցեղ, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին 12-15 միլիոն քիւրտեր, 3 միլիոն գնչուներ, 1 միլիոն լազեր, որոնք պէտք է Թուրքիոյ կողմէ «հարստութիւն» նկատուին։
Տեղեկագրին մէջ ըսուեցաւ, որ այս խօսքով «ցեղային խտրականութիւն» կը կատարուի։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս քննադատութեան դէմ իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն, յայտնեց, թէ «թուրք» բառը նշեալ խօսքին մէջ ցեղային, լեզուական կամ կրօնական իմաստով չի գործածուիր, այլ կը գործածուի իբրեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքացիի իմաստով։
Համմըրպըրկ յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ «փոքրամասնութիւն» հասկացողութիւնը Լօզանի դաշնագրի համաձայն կը գործածուի միայն յոյն, հայ, հրեայ հայրենակիցներու համար, մինչդեռ այդ բառը պէտք է գործածուի Եւրոպայի հասկացողութեան իմաստով, եւ ատիկա կարելի է սրբագրել սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւն մը կատարելով, իսկ այդ փոփոխութիւնը պէտք է կատարել անխուսափելիօրէն։ Ան նաեւ քնադատեց մայրենի լեզուներու ուսուցման դէմ դրուած սահմանափակումները:
«Համալսարաններու մէջ պէտք է քրտերէն ուսուցման բաժիններ բացուին, ալէվիներու իրաւունքները պէտք է տրուին, Հէյպէլի կղզիին մէջ (յունական) դպրեվանքը պէտք է վերաբացուի եւ Վաքըֆներու օրէնքով փոքրամասնութիւններու կողմէ գրաւուած կալուածները պէտք է վերադարձուին», ըսած է Համմըրպըրկ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.