ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկացի եւ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին հազուագիւտ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլեըմ Պըրնզ եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին կապուած հարցերու աւագ բանագնաց Սայիտ Ժալիլի, Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու նիստերուն միջեւ դադարի մը ընթացքին դռնփակ հանդիպում մը ունեցած են։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց հանդիպման լուրը, սակայն ոչ մէկ մանրամասնութիւն տուաւ անոր մասին։
Նշենք, որ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Չինաստանի պատուիրակութիւնները կը փորձեն Թեհրանի ներկայացուցիչներէն զիջումներ ապահովել, եզրափակուած են այս ամսուան ընթացքին վերստին հանդիպելու համաձայնութեամբ:
Նաեւ հաստատուեցաւ, որ Իրան թոյլ պիտի տայ ՄԱԿի մասնագէտներուն, որ մօտօրէն ստուգեն նոր բացայայտուած հիւլէական կեդրոնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.