ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3ին, կ.ե. ժամը 4ին «Նիւ Եորք Փլազա» պանդոկին դիմաց, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, մեծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուած էին՝ «Հայերը արդարութիւն կը պահանջեն», «Թուրքիա՛, ճանչցիր Ցեղասպանութիւնը», «Կը մերժենք արձանագրութիւնները», «Մի՛ դաւաճաներ ազգիդ» եւ այլ գրութիւններ կրող պաստառներ բարձրացուցած։
Հայորդիները համախմբուած էին իրենց մերժումը արտայայտելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն, այն վայրին դիմաց, ուր նախագահ Սերժ Սարգսեան Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներ տուած իր այցելութիւններու ծիրէն ներս, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում պիտի ունենար գաղութի կուսակցական, մշակութային, հոգեւոր եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու ղեկավարներուն հետ։
Պանդոկին շրջակայքն ու ներսի բաժինը կը գտնուէին ամերիկացի ապահովական ուժերու, ինչպէս նաեւ նախագահ Սարգսեանի թիկնապահներու խիստ հսկողութեան տակ։
Գաղութի ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը ճշդուած էր ժամը 5ին։ Այս մասին Արեւելեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, իրենց ներկայացուցիչը նախագահին փոխանցած էր այն պատճառները, որոնց հիման վրայ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները՝ կոչ ուղղելով կասեցնելու նման վտանգաւոր փաստաթուղթի ստորագրումը եւ Թուրքիոյ հետ մշակելու այնպիսի դիւանագիտական յարաբերութիւններ, որոնց մէջ հայ ազգին շահերը չեն ոտնակոխուիր։
Ըստ հաղորդագրութեան, հակառակ անոր որ ամէն ինչ շատ յստակ կերպով ներկայացուեցաւ նախագահ Սարգսեանի, բայց եւ այնպէս Կեդրոնական կոմիտէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ բոլոր խօսակցութիւններն ու առաջարկները կը հանդիպէին խուլ ականջներու։ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն յոյս յայտնած է, որ իրենց, ինչպէս նաեւ համայն Սփիւռքի պահանջներն ու կոչերը ձեւով մը լսելի դառնան նախագահին, որովհետեւ, այլապէս՝ ամբողջ հայ ժողովուրդը այս արձանագրութիւններուն պատճառով դէպի շատ վտանգաւոր անդունդ կրնայ առաջնորդուիլ։
Հանդիպման նախօրեակին, պանդոկ մուտք գործել յաջողած ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներ խնդրեցին արձանագրութիւններուն դէմ ըլլալու իրենց կեցուածքը դրսեւորող նամակ մը փոխանցել նախագահ Սարգսեանի։ Անոնք մերժողական կեցուածքի հանդիպեցան ու անոնց ըսուեցաւ, թէ կրնան նամակը փոխանցել ապահովական ուժերու, որոնք իրենց կարգին կրնան հասցնել զայն համապատասխան կողմերու, սակայն երիտասարդները պահանջեցին անձամբ յանձնել նամակը, որովհետեւ ամէն ինչ տեղի կ՛ունենայ փակ դռներու ետին, իսկ նախագահ Սարգսեան յայտարարած էր, թէ ինք պատրաստ է լսելու Սփիւռքի մէջ արտայայտուող կարծիքները։
Ոստիկանները միայն մէկ երիտասարդի արտօնութիւն տուին սպասելու եւ հանդիպման աւարտին՝ նամակը յանձնելու նախագահին, սակայն երեք ժամ սպասելէ ետք, ան յուսահատ՝ նամակը ձեռքը դուրս եկաւ պանդոկէն։
Բողոքի ցոյցին մասնակից, ամերիկահայ գրող, մտաւորական եւ բեմադրիչ Հրանդ Մարգարեան, իր ու ցուցարարներուն խոր ընդվզումը յայտնած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն գծով, որովհետեւ՝ «Մենք պատմութիւնը կը խեղաթիւրենք եւ կը փոխենք շատ վատ ձեւով», ըսած է ան։ Մարգարեանի համաձայն, արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած կէտերը պարտադրուած են Արեւմուտքին կողմէ, սակայն մենք իրաւունք չունինք ազգովին մոռնալու մեր անցեալն ու Դատը։