Համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններէն տասներկու անձնաւորութիւններ արտայայտեցին իրենց քննադատութիւնը այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ժխտական հետեւանքներուն գծով։
Լրագրողներ, պատմաբաններ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, հոգեբուժներ, իրաւաբաններ եւ գրողներ, կազմակերպական նեկայացուցիչներուն կողքին, ընկերակցեցան խանդավառ երիտասարդութեան։ Միաձայն պահանջքը եղաւ այն, որ Հայաստանը չստորագրէ, կամ բարելաւէ Թուրքիոյ եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ պարտադրուած նախապայմանները։
Տոքթ. Կրէկորիօ Հայրապետեան յայտնեց, թէ ի միջի այլոց, ինչ ալ ըլլայ Հայաստանի հանրապետութեան ճամբան, Սփիւռքը պիտի շարունակէ իր պահանջքը, մինչեւ որ կարենայ Անգարան ներկայացնել դատական ատեաններ։
Դոկտ. Ասպետ Արեան հիմնական նկատեց համայնքներուն հզօրացումը։ Փրոֆ. Ռոսիթա Եուսուֆեան հիմնական տեղեկութիւններ ներկայացուց՝ հաստատելով փանթուրքիզմի վտանգը։ Դոկտ. Փասքուալ Օհանեան՝ Հայաստանի Գիտութեան ակադեմիոյ անդամ, շեշտեց նոր սերունդներուն արժէքն ու հաւատարմութիւնը։
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դիմաց, սկսած է ծնունդ առնելու խոր շարժում մը, ապա ան բոլոր շրջանակները միասնականութեան հրաւիրեց։
Աւետիք Իզմիրլեան, որ անձնական պատճառներով Պուէնոս Այրէս կը գտնուէր, Քալիֆորնիոյ հայրենակիցներուն գիտակից շունչը փոխանցեց։ Բեմին կողքը կը գտնուէր քարտէս մը՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն ներկայ եւ անցեալի (1918-1920) սահմաններով։
Վերջին իրադարձութեանց եւ Հայ Դատին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող հայորդիները տեղեկացնելու եւ լուսաբանելու միտումով, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ www.ian.cc-ն ներկայացուցած են երիտասարդական կայքէջ մը՝ www.todosxarmenia.com.ar հասցէով։