ԱԹԷՆՔ.- Երկուշաբթի 5 Հոկտեմբերին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քաղաքական հաւաք մը, ուր յունահայութեան ներկայացուցիչները իրենց կտրուկ «ո՛»չը լսելի դարձուցին Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ մերժելով հայ-թրքական արձանագրութիւնները:
Հաւաքին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, Հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Ռափայէլ քհնյ. Շեֆիքեան, Գոքինիոյ, Աթէնքի եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հայրեր, Յունահայոց ազգային վարչութեան, միութիւններու Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց, ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեանց ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի նախագահի Փարիզ այցելութեան, հոն կայացած խորհրդաժողովին եւ ցոյցին մասին ամփոփ զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, որ յայտնեց, թէ յունահայութեան ներկայացուցիչները եւս, մասնակցելով Փարիզի մէջ խորհրդաժողովին՝ համայնքի վրդովումն ու մտահոգութիւնները փոխանցած են Հայաստանի նախագահին:
Ապա խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօս Արա Մանկոյեանը, որ մանրամասնօրէն բացատրեց հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած ազգավնաս դրոյթները, անոնց միջոցով հետապնդուող թրքական եւ ատրպեճանական նպատակներուն վտանգները: Բանախօսը կոչ ըրաւ միակամ ու մերժողական կեցուածք դրսեւորելու արձանագրութեանց նկատմամաբ:
Ապա, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան կոչ ուղղեց բոլոր հայրենակիցներուն մասնակցելու ստորագրահաւաքին՝ ընդհանրացնելով աշխատանքը հայկական բոլոր ընտանիքներուն վրայ, որպէսզի յունահայութեան ազդու եւ վճռակամօրէն մերժումի ձայնը լսելի դառնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն:
Միւս կողմէ, Կիրակի օր, Մոնթէվիտէոյի Ս. Ներսէս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող Մեծ Եղեռնի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի մէջ կայք հաստատած հայութեան բողոքի հաւաքը՝ ուրկուէյահայութեան ձայնը միացնելով ամբողջ հայութեան բողոքի ալիքին, «ո»չ ըսելու Հայ-թրքական զոյգ արձանագրութիւններուն: Հաւաքը կազմակերպած էր Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբը: Խօսք առնողներուն մէջ էին երկրի խորհրդարանի Միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Մարթինէզ Ուէլմօ, Ազգային կուսակցութեան պատգամաւոր Փաուլօ Ապտալլա եւ հայազգի պատգամաւոր Լիլիան Քէշիշեան:
Օրէնսդիր իշխանութեան այս երեք ներկայացուցիչներն ալ վերահաստատեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը Հայ Դատի պայքարով սկսած աշխատանքին, շեշտելով, որ Ուրուկուէյ, ըլլալով առաջինը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1965ին՝ չի կրնար ընդունիլ, որ հարցականի տակ առնուի մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրը:
Խօսք առին նաեւ ՀՕՄի, ՀՅԴ «Արմէնիա» երիտասարդական միութեան եւ «Համազգային»ի ներկայացուցիչները, որոնք ոչ միայն դատապարտեցին արձանագրութիւնները, այլեւ ուխտեցին պահպանել Հայ Դատի ճամբուն վրայ նախկին սերունդներուն ձեռք բերած յաջողութիւնները, մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Բողոքի հաւաքը ուղղակի եթերով սփռուեցաւ «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի կայանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.