ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս, «CreateSpace» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Լոս Անճելըսի բնակիչ Էմիլի Մարութեանի «A Second Opinion» հատորը: 286 էջնոց թղթակազմ հատորը իմաստասիրական քննարկում մըն է կեանքի ու մարդկային վարուելակերպին մասին:
Աշխատանք կը տարուի նաեւ հատորին հայերէն օրինակը հրատարակելու ուղղութեամբ:
Գիրքը կը ծախուի համացանցային հետեւեալ կայքերուն վրայ՝ Amazon.com, Target.com եւ maroutian.com: