ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ տարի տեղի ունեցած ժամանակակից արուեստի «Եդէմէն անդին» («Beyond Eden») անդրանիկ փառատօնի յաջողութենէն ետք, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ նման փառատօն մը:
Փառատօնի գործադիր վարիչ Զարա Զէյթունցեան կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 9-11 շաբաթավերջին, շատ աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ ապահոված է:
Տեղի պիտի ունենան արուեստի գործերու ցուցադրութիւններ, խորհրդակցական հաւաքներ ու շարժապատկերներու ցուցադրութիւններ:
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ «Պարնզըլ» կեդրոնին մէջ (4800 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90027):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել contact@beyondedenartfair.com հասցէին կամ այցելել
www.beyondedenartfair.com համացանցային կայքը: