Հայ թրքական յարաբերութիւններու հարցը համահայկական բնոյթ ունի։ Հայաստան-Թուրքիա սահմանները բացուելու նպատակին իրագործումը պարտադիր դարձաւ մանաւանդ անցեալ տարուան Ռուսիա-Վրաստան պատերազմէն ետք, երբ Վրաստանի անկայուն վիճակը պարբերական անելներու մատնեց Հայաստանի ներածումներուն եւ արտածումներուն շուրջ եօթանասուն տոկոսը։
Հայաստանի ժողովուրդը վստահած է իր ղեկավարին՝ իր նախագահին. ան կը հաւատայ, որ Հայաստան-Թուրքիա ճամբան բացուելով՝ Հայաստանի առեւտուրը պիտի զարգանայ, հայերը աւելի բնական կեանք պիտի ունենան։ Եօթանասուն տարիէ ի վեր հայ սերունդները հազարաւոր զոհեր տուած են՝ վերականգնելու համար անկախութիւնը, իսկ այժմ ան կը հաւատայ, որ պարզապէս յաջորդ սերունդները այլեւս պատերազմ պէտք չէ տեսնեն։
Արդեօ՞ք Հայաստանի նախագահը կը մտածէ, թէ սահմանները բանալով եւ թուրքերը ներս առնելով պիտի զարգացնէ անոնց առեւտուրը, խառն ամուսնութիւններու առիթ պիտի տայ, թրքական արտադրութիւնները պիտի վաճառուին մեր հայրենիքին մէջ եւ թուրք կառավարութիւնը պիտի հարստանայ։
Վստահ եղէք, որ բոլոր հայերն ալ դէմ չեն ըլլար այս յարաբերութիւններուն, եթէ անոնք չվնասեն, չանտեսեն ազգային շահերը եւ մանաւանդ չվտանգեն զանոնք։
Թուրքիոյ համար այս յարաբերութիւնները շատ շահաբեր են, մանաւանդ երբ ան Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը կը փորձէ քօղարկել եւ լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը կ՛անտեսէ. ան կը փաստէ, թէ Թուրքիոյ կարեւորագոյն շահն է՝ Հայկական հարցը իր ետին ձգել ու սառեցնել Հայաստանի եւ Պարսկաստանի յարաբերութիւնները. այսպիսով, տարիներու դրացիներ կը դադրին իրարու հետ առեւտուր ընելէ եւ ահա՛, մեծ վտանգ ու կորուստ կը յառաջանայ մեր հայրենիքին դիմաց։
Եօթանասուն տարի է, որ հայ ժողովուրդը պայքարած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելու աշխարհի բոլոր պետութիւններուն։ Այսօր, վերջապէս, երբ աշխարհի շարք մը պետութիւններ սկսած են ճանչնալ հայ ազգը, անոր ազատութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը, այս հանաձայնագիրով կը փորձենք կասկածի տակ առնել մեր 1915ի նահատակներուն ու Ղարաբաղի քաջերուն թափած արիւնը։
Պատմութեան մէջ այսպիսի կացութիւն նորութիւն չէ. հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ու մինչեւ այսօր մղած է բազմաթիւ պատերազմներ՝ Վարդանանց պատերազմը, Սարդարապատի հերոսամարտը եւ Արցախեան պայքարը. երբ հայրենիքը կամ հայուն ազատութիւնը կորսնցնելու վտանգը կը սպառնայ մեզ, ապա Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք իրարմով զօրացած՝ կը դիմեն մեծ տեսլականի իրագործման՝ մեր բռնագրաւուած հողերու վերատիրացման։
ԿԱՐԻՆ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պարոն Նախագահ,
Երբ ես լսեցի այս համաձայնագիրներուն մասին, շատ նեղուեցայ եւ ջղայնացայ։ Ես չէի գիտեր, որ այսպէս Նախագահ մը կրնայ ըլլալ, որ իր ամբողջ ազգը եւ պատմութիւնը կրնայ ծախել քանի մը ամսուայ մէջ։ Ինչ ալ ըլլան պայմանները պէտք չէ ծախել ազգի մը հողերը, պատմութիւնը եւ անցեալը։ Կարեւոր չէ եթէ սահմանները պիտի բացուին, այդ միայն հարուստներուն օգուտ է։ Այսքան տարի է որ մենք Ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛ուզենք եւ դուք հիմա այդ ամենը կը ջրէք այս մէկ համաձայնագիրը ստորագրելով։ Պէտք է գիտնաք, որ այս ձեր ըրածը շատ սխալ է եւ աշխարհի վրայ հայ չկայ, որ ձեր եւ Էտուարտ Նալպանտեանի հետ է։ Բոլորս ալ գիտենք որ Թուրքիոյ կէսը մեր պատմական Հայաստանն է եւ մէկ թուղթով պիտի չի ծախենք զայն։
Եթէ ինծի եւ բոլոր հայերուն կը լսէք, կը դիմենք ձեզ՝ մի ստորագրէք այդ համաձայնագիրը, որպէսզի մենք շարունակենք մեր կռիւը մեր հողերը ետ առնելու համար։
ԱՐԵԳ ԳՈՃԱՆԵԱՆ
8րդ կարգ
Պարոն Սերժ Սարգիսիան,
Դուք շատ սխալ գործեր ըրած էք։ Ամբողջ սփիւռքը ձեր դէմ ելած է այս համաձանութեան համար։ Հայաստանը այս համաձայնութենէն պիտի տուժէ։ Թուրքիան պիտի զօրանայ եւ Հայաստան պիտի փոքրանայ։ Այս սերունդը ինչ պիտի ըսէ յաջորդող սերունդներուն՝ ցեղասպանութեան համար։ Ի՞նչ։ Երբ մեզի հարցնեն «Ցեղասպանութիւնը ինչ է» ինչ պիտի ըսենք։ Դուք պիտի մոռցնել տաք մեր ցեղասպանութիւնը եւ մեր հայկականութիւնը պիտի հանէք մեր հոգիներէն։ Այս 95 տարին, որ կը կռուինք Հայկական Ցեղասպանութեան համար դուք պիտի ջուրը թափէք։ Ինչո՞ւ մեզի չէք լսեր։ Հինգ միլիոն սփիւռքահայեր «Ո»չ կ՛ըսեն ձեզի բայց դուք կանտեսէք մեզ։ Եթէ մեզ լսէք՝ տեղ կը հասնիք։ Եթէ բանաք սահմանները, Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի չլաւացնէք։ Թուրքերը պիտի գան եւ տնտեսութիւնը վատացնեն։ Միայն պէտք է լսէք։ Ամերիկայի Հայերը կրնան ձեզի օգնել բայց չէք լսեր։ Եթէ այսպես շարունակէք, կրնաք ձեր նախագահի աթոռէն զրկուիլ։
ԽԱԺԱԿ ԲՈՐՆԱԶԵԱՆ
8րդ կարգ
Յարգելի պարոն նախագահ,
Իբրեւ հայ պատանի եւ հայու զաւակ ես չեմ կարծեր որ դուք իրաւունքը ունիք մեր երկիրը ծախելու։ Պրն. նախագահ, դուք իրաւունքը չունիք համաձայնագրութիւն ստորագրելու առանց ձեր ամէնէն մեծ ուժին սփիւռքին հարցնելու։ Դուք պէտք է գիտնաք, որ մենք հայերս պէտք է դնենք նախապայմանները ոչ թուրքերը։ Մենք հարց չունինք սահման բանալու, բայց շատ մեծ հարց մը ունինք երբ այդպիսի նախապայման դրուի։ Եթէ չէք նկատած նախապայմանները, յիշեցնեմ ձեզ։ Առաջին, պէտք է Ցեղասպանութեան հարցը մոռնանք, երկրորդ, Արցախը Ատրպէյճանին ետ տանք, եւ երրորդ այլեւս չենք կրնար պայքարիլ մէր հողերուն համար։ Մէկ հարցում հարցնեմ ձեզի։ Այսպիսի նախապայմանով ինչպէ՞ս կրնաք ստորագրել։ Ես շատ կ՛ուզէի իմ երկրիս նախագահը ըլլար մէկը, որ իր ժողովուրդին կարծիքը կը հարցնէ՝ որոշում առնելէ առաջ։ Այդ է ճիշդ նախագահը։
ՇԱՀԱՆ ԱԹՄԱՃԵԱՆ
8րդ Կարգ