ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութենէն ստացուած հաղորդագրութեամբ մը կ՛իմանանք, որ Հիւսիսային Ամեիկայի եւ Գանատայի «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեանց կազմակերպութեամբ, կայացած է ձեռնարկներու շարք մը՝ ծանօթացնելու համար փարիզաբնակ արձակագիր Մովսէս Պչաքճեանը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հաղորդագրութիւնը:
«Համազգային»ի ԱՄՆ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեանց հովանաւորութեամբ եւ «Համազգային»ի տեղական մասնաճիւղերու վարչութեանց կազմակերպութեամբ, ընթացիկ ամսուան մէջ (Հոկտ. 4էն-Նոյ. 20) տեղի պիտի ունենայ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանի շրջապտոյտը ԱՄՆի եւ Գանատայի տարածքին։
Այս շրջապտոյտը կազմակերպուած է՝ նպատակ ունենալով սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը ծանօթացնել նոյնիքն Սփիւռքի զանզան գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Պչաքճեանի հեղինակած 11 հատորներէն՝ «Անցողիկն ու Անժամանցելին» նորատիպ հատորին գինեձօնը կատարելու։ Գրագէտը իր այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն ընթացքին նոր շունչ եւ ոգի պիտի ներշնչէ իր գործընկերներուն, աշակերտներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին։
Մովսէս Պչաքճեան փարիզաբնակ է։ Ան Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ շքանշան ստացած է, իսկ այս տարի արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին՝ ՀՀ պետութեան կողմէ։
Շրջապտոյտը պիտի կատարուի հետեւեալ քաղաքներուն մէջ՝ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Պոսթըն, Տիթրոյիթ, Շիքակօ, Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, ապա Մոնթրէալ ու Թորոնթօ:
Մասնաճիւղերու վարչութիւնները իրենց շրջաններուն պիտի ծանուցեն ձեռնարկի վայրին եւ թուկանին մասին։
«Համազգային»ի ԱՄՆ Արեւելեան, Արեւմտեան
Եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններ