ԱՐԱՄ ՕՀԱՆԵԱՆ
Դիւանագրական յարաբերութիւններու հարցը սկսաւ ֆութպոլային խաղերով, ուր նախագահ Սարգսեան հրաւիրած էր Թուրքիոյ նախագահը, եւ որուն հետեւանքները շատ գէշ ազդեցութիւն ունեցան հայ ժողովուրդին համար, իսկ Ապրիլ 22ի Հայաստանի յայտարարութիւնները պատճառ դարձան, որ Հայ Դատի ջանքերով Ամերիկայի նախագահին կողմէ տրուած խոստումները դրժուին եւ ամբողջ արտասահմանի հայութիւնը յուսախաբ եւ դժգոհ մնայ։
Սահմաններու բացումը Հայաստան կը պնդէ, որ առանց պայմանի պէտք է տեղի ունենայ։ Սակայն թրքական յայտարարութիւնները կը շեշտեն, որ սահմանը կը բացուի միայն վերադարձնելէ ետք Արցախի ազատագրուած հողերը, որ իրենց կարծիքով՝ «բռնագրաւուած» հողեր են։ Այս հողերը պատմականօրէն կը պատկանէին Հայաստանի, իսկ Ստալինեան շրջանին նուիրուած էին Ատրպէյճանի։ Սահմաններու բացումին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գծով կարգ մը մեծ պետութիւններ ուրախ եւ համաձայն են, որովհետեւ ատիկա կը նպաստէ իրենց շահերուն եւ բոլորովին կը վնասէ հայկական շահերուն:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնպէս կը թուի, թէ Հայաստանի համար շատ կարեւոր հարց մը չէ, եւ այդպէս ալ անուղղակիօրէն կ՛արտայայտուին Հայաստանի դիւանագէտները։ Սակայն, այս մէկը Սփիւռքի հայութեան մեծագոյն հարցն է՝ 1915ի մտածուած եւ իրագործուած սպանութիւնները, տեղահանութիւնները, բռնագրաւումները եւ մշակութային վայրերու ոչնչացումները։ Ամբողջ աշխարհի տարածքին բաւական արդիւնաւէտ ջանքեր թափած Հայ Դատի յանձնախումբերը, որոնք տակաւին կը պայքարին Թուրքիոյ կողմէ նշեալ հարցի տեւական ուրացման դէմ, Հայաստանի դիրքորոշման պատճառաւ անել կացութեան մատնուած են, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Հայաստանի պետութեան որոշումները բոլորովին կ՛անտեսեն հայոց միջազգային շահերը, ինչ որ մեծ հարուած կը համարուի՝ բոլոր հայութեան եւ մանաւա՛նդ հայրենիքին ուղղուած։
Արցախի ազատագրման պայքարին ահագին հայ երիտասարդներ զոհուեցան իրենց հողերը ազատագրելու եւ պաշտպանելու ի խնդիր, ուստի, այսօր, Արցախի ժողովուրդին յայտարարութեամբ, Արցախը որեւէ զիջումի պատրաստ չէ։ Իսկ ըստ Հայաստանի ղեկավարութեան, Արցախի հարցը կապուած չէ սահմաններու բացման հետ։ Սակայն թրքական դիւանագիտական շրջանակներու յայտարարութեան համաձայն, եթէ հողերը չվերադարձուին, ապա որեւէ խաղաղ համաձայնութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք տեղի պիտի չունենայ։
Այս համաձայնագիրը վնաս է ոչ միայն մեր հայրենիքին, այլեւ մեր բոլոր հայութեան։ Սփիւռքին տարած տարիներու աշխատանքը, քրտինքը ու զոհաբերութիւնը՝ մեր հողերու ազատագրման ու ցեղասպանութեան ճանաչման համար, ոչ միայն վնաս կը կրէ այսպիսով, այլեւ մոռացութեան վտանգը կը դիմագրաւէ։
Նախքան Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունի այս համաձայնագիրը, պէտք է վայրկեան մը մտածէ, թէ մեր ժողովուրդը ինչո՞ւ կառուցած է Ծիծեռնակաբերդը, եթէ չի մտածեր Ցեղասպանութեան մասին։