ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յոբելենական թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ կ՛ապահովեն նաեւ տուեալ ժողովուրդին կամ հաստատութեան, միութեան եւ կամ ալ անհատին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։
Այս օրերուն, այդ թուականներէն մէկն է «Ասպարէզ»ի մէկ դարու ծնունդը բնորոշող թիւը: Այլ խօսքով՝ ան հիմա արդէն հարիւր տարեկան դարձած է: Ասիկա ինքնին հաստատում մըն է եւ յստակ փաստ, որ հայ մամուլի մեծ ընտանիքին պատկանող այս անդամը ունի մէկ դարու վրայ երկարող հսկայ վաստակ մը:
Անոր համար տեղին է, որ կատարուին արժեւորումներ, քննադատութիւններ եւ իրականութեան լոյսին բերուին անոր վաստակն ու ցարդ ձեռք ձգած յաջողութիւնները եւ, ինչո՞ւ չէ, տրուին նաեւ գնահատականներ:
Այս պարագային անձնապէս կը հաւատամ, որ յոբելեանէն աւելի մեր գնահատանքին չափն է կարեւոր:
Նախ յստակացնեմ, թէ քանի մը տասնամեակներէ ի վեր հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կÿապրի վիճակ մը, զոր դժուար է մէկ բառով բնորոշել: Տագնապ անուանել զայն, թէ՝ զարթօնք, չեմ գիտեր: Պատերազմ՝ թէ ոչ խաղաղութիւն, լճացում՝ թէ ուրիշ բան, կամ զանազան ծանօթ եւ անծանօթ վիճակներու խառնուրդ, դո՛ւք ճշդեցէք:
Որովհետեւ այն աշխարհը, ուր բոլորս ալ կÿապրինք, մեր աչքերուն առջեւ ամէն օր կը փոխուի: Եւ աւելին՝ տակաւին ներկայ համաշխարհային նիւթական, տնտեսական եւ քաղաքական մեծ ու փոքր տագնապներուն մէջ հայութեան դիրքն ու վիճակը բնորոշելն ալ դժուար է, որովհետեւ դժուար է բնորոշել ներկայ աշխարհի այս անօրինակ իրավիճակը:
Նոր տագնապներ, նոր արժէքներ, նոր միջավայրեր, նոր սովորութիւններ մուտք գործած են եւ տակաւին կը գործեն մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, ու մենք լիովին կամ կիսկատար զանոնք ընկալելէ ետք, սկսած ենք կամայ թէ ակամայ պատրուակներ ու պատճառաբանութիւններ փնտռել եւ համոզել մենք զմեզ:
Պայմանները փոխուած են՝ ըսինք: Բայց եւ այնպէս տխուր է իրականութիւնը եւ անկէ ծնունդ առած պատկերը:
Կը հաւատամ, որ ամէն ինչ վարժութիւն է եւ վարժութենէն կը ծնի համակերպումը:
Հաստատուած ենք Ամերիկա եւ, գիտակցաբար կամ ոչ, մեզի հետ բերած ենք մեր գիտցած եւ չգիտցած նախկին հին ու նոր կանոններն ու սովորութիւնները, մեր սէրերն ու ատելութիւնները, մեր գիտակից եւ անգիտակից որոշումները, աւանդութիւններն ու մեր ստեղծած օրէնքները, որոնք շատ յաճախ բորբոսած են, հինցած կամ կարկտնուած, եւ կամ այլեւս անգործնական դարձած են:
Ճիշդ կամ սխալ, Սփիւռքի տարածքի շատ մը գաղութներուն մէջ զանազան ինքնարդարացումներով շատերս հաշտուած ու համակերպած կ՛ապրինք ու անզգալաբար արդէն իսկ համաշխարհայնացման հետեւանքներուն ստրուկ դարձած ենք, եւ չենք կրցած զանոնք պատշաճեցնել մեր իրականութեան: Ըսի՝ փոխուած են ժամանակները, եւ իրենց հետ փոխուած են նաեւ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր պայմանները: Ու երբեք քաջութիւնը չենք ունեցած ըսելու, թէ ժամանակէն առաջ նախ մե՛նք ենք որ փոխուած ենք, մեծով ու պզտիկով:
Պարզ իրականութիւն է, որ ազգովին կը գտնուինք նորագոյն պատմութեան ճակատագրական հանգրուանի մը սեմին: Բազմացած են մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք ձեւով մը մեզ բազմաշերտ դարձուցած են: Արցախ, Հայաստան, Սփիւռք, հայ Դատ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւն եւ սահմանային հարցեր եւ փրոթոքոլ, ցեղասպանութեան ճանաչում, եւայլն՝ ամէնօրեայ մեր հեւքին մաս կը կազմեն արդէն:
Բայց անկախ այս բոլորէն, կը հաւատամ նաեւ որ ներկայ այս ընդհանրական տառապանքը ամրացուցած է մեր ժողովուրդի գոյութեան պայքարը: Որքան որ հոսանքը ուժգին ըլլայ, այնքան թիավարողին ճիգը հզօր կ՛ըլլայ, ըսած են մեր մեծերը:
Փաստ՝ նայեցէ՛ք մէյ մը ձեր չորս կողմը:
Ու այս բոլորին մէջ «Ասպարէզ»ի դարադարձը կամ ալ դարու մը պատմութիւնը:
Յստակ ըսեմ, որ ինծի համար «Ասպարէզ»ը, հակառակ վերեւ յիշուած տագնապներուն, տակաւին երիտասարդացած կը շարունակէ մատուցողի իր ճանապարհը:
Իր նպատակը իմ սրտիս շատ մօտ է, որովհետեւ ան տեսիլք ունի:
Ծառայութեան դաշտ իջած է իբրեւ օրաթերթ, լրագիր կամ լրաբեր: Թէեւ ան լուր տարածող միջոց է, բայց սոսկ լուրեր արձագանգող մը չէ: Դէպքերու, անցուդարձերու, վիճակներու, ազգային, մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու կողքին՝ ան ունի նաեւ յստակ սեւեռակէտեր:
Մէկ խօսքով ան մեծ պատուհան մըն է մեր աշխարհին նայող:
Իր կեանքով ու գործով ճիշդ ճամբան ցոյց տուած է եւ այդ ճամբէն հաւատարմօրէն կը ծառայէ մեր ժողովուրդին: Տառապած է ու տակաւին կը տառապի անոր հետ, եւ հակառակ այս ծանր դժուարութիւններուն, մեզ բոլորս ալ ազգային ինքնութեան հետ կը կապէ:
Հայաստան, եկեղեցի, Սփիւռք, հայ մշակոյթ եւ հայ դպրոց իրեն համար մնայուն արժէքներ ըլլալու պատճառով՝ անոնց մասին կը խօսի եւ անոնցմով կը տագնապի:
Շունչ կայ իր էջերուն վրայ: Իւրայատուկ ոճ ունի:
Նկարագիր կայ տողերուն մէջ: Հեռու է սովորական չափանիշներէ, որովհետեւ, որովհետեւ … ան յանձնառութիւն ունի:
Ըսած ու կրկնած ենք, թէ ընթերցումները վայելք են, կենսական անհրաժեշտութիւն՝ մարմինը հոգիին կապող:
Ու հակառակ կայքէջերու, կամ համացանցային այլ նորութիւններու սպասարկութիւններուն եւ կամ ներկայութեան՝ առանց հայ մամուլի օր մը մենք մեզ անմշակ կրնանք գտնել:
Կրկնութեան գնով ըսեմ նաեւ, որ «Ասպարէզ»ը հայ հողին նետուած աղուոր տունկ մըն է, որ դարէ մը ի վեր հետզհետէ կը տարածէ իր արմատները:
Չմոռնանք սակայն, որ մամուլը կ՛ապրի զայն կեանքի կոչող կազմակերպութեան կամ անհատին միջոցով:
Յստակ են ներկայի մեր ժողովուրդին նիւթական աննպաստ պայմանները: Բայց չէ՞ որ թերթին մէջ պէտք է փնտռենք մեր ընդհանրական կեանքը, մեր ազգային պայքարին, գոյատեւման հարցերուն զանազան մեր պատկերները. ատոր համար էական է, որ լիովին զօրավիգ կանգնինք ու նպաստենք անոր գոյատեւման աշխատանքներուն ու ճիգերուն:
Որովհետեւ հայ թերթին մէջ հայը հաղորդ մնալով հանդերձ աշխարհին, հայրենիքին եւ Սփիւռքին հետ, իր հայութի՛ւնն է որ կը փնտռէ:
Ուստի այս բոլորը զգալէ, տեսնելէ ու հաստատալէ ետք, հակառակ շատերու դժգոհանքին, առեւտրական եւ այլազան յայտարարութիւնները, հայ եւ օտար ծանուցումներու շարքերը կենսական կը նկատենք իր գոյատեւման համար:
Թէեւ մեր ժողովուրդը կու տայ իր գնահատանքը ու նիւթապէս եւ բարոյապէս կը զօրակցի անոր, բայց ժամանակն է, որ նորոգենք մեր այդ գիտակցութիւնը:
Անոր համար «Ասպարէզ»ին՝ յատկապէս, ու ընդհանրապէս հայ թերթին առջեւ մեր բոլորին դռները պէտք է բաց ըլլան, որպէսզի անոնք որբ չմնան, իրենց հաստատ ընթացքն ու հրապոյրը չկորսնցնեն, եւ մանաւանդ ամէնօրեայ իրենց վազքին ընթացքին չմաշին ու չկքին եւ չյուսհատին:
Ու այս յանձնառութիւնը կ՛երթայ ոչ միայն զինք կեանքի կոչողներուն, այլ բոլոր անոնց, որոնց կը մատուցուի:
Համոզուած եմ եւ կը մաղթեմ, որ այնպէս մը ըլլայ, որ հայ թերթը պէտք եղած չափով ամէնօրեայ դրութեամբ ձրիօրէն մուտք գործէ հայ եւ օտար բոլոր վարժարաններուն մէջ։ Միւս կողմէ, իբրեւ ընթերցասէրներ՝ մեզի կ՛իյնայ նաեւ մեր դռները լայնօրէն բանալ անոր առջեւ, եւ լայնաբաց զինք հիւրընկալել:
Իսկ «Ասպարէզ»ի պարագային՝ եթէ կը հաւատանք, որ ան կոչուած է ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանը ըլլալու, անոր մտահոգութիւններուն թարգմանը հանդիսանալու, հոգեմտաւոր արժէքներու տարածման ռահվիրան դառնալու, մէկ խօսքով՝ ժողովուրդին առաջնորդը ըլլալու, պէտք է որ անվերապահօրէն զօրակցինք անոր:
Իրականութիւն է, որ աշխարհի կարգ մը հսկայ օրաթերթեր ներկայիս լուրջ տնտեսական տագնապներ կ՛ապրին: Այս տագնապները որոնք կը վտանգեն ու նոյնիսկ շատերու պարագային վտանգա՛ծ իսկ են այս հրատարակութիւններու գոյութիւնը:
Միւս կողմէ համակարգիչը, համացանցի կայքէջերը, ձայնասփիւռն ու պատկեռասփիւռը լուրեր հաղորդելու եւ փոխանցելու արագ եւ նորագոյն միջոցներով կը խանգարեն մամուլին հեզասահ գործընթացը: Սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ այս բոլոր նշեալները գործնականապէս չեն կրնար մեր ազգային ցաւերն ու խոցելի կէտերը մատնանշել, մեր արարքները գնահատել եւ քննադատել ու դառնալ ստեղծագործ իրականութիւն մեր բոլորին տուներուն մէջ:
Միայն հայ մամուլին վերապահուած է այս դերը, այս պարագային «Ասպարէզ»ին որ, շնորհիւ ընկերներու, համակիրներու եւ աշխատակիցներու անվերապահ աջակցութեան, կը մնայ արթուն դրօշակիրը մեր սիրելի կազմակերպութեան խօսքին ու մտքին, գօտեպնդուած մեր շրջանի բոլոր ընկեր-ընկերուհիներու ու գաղափարակիցներու վստահութեամբ, աջակցութեամբ, տալով միաժամանակ գաղութի եւ, ինչո՛ւ չէ, Սփիւռքի եւ հայրենի հայ մարդուն կեանքին պատկերը:
Իմ մաղթանքս է որ «Ասպարէզ»ը իր այս նոր հանգրուանին դառնայ աւելի ուժգին, հնչեցնելու մեր ձայնը: Հարկ է սակայն, որ ան ընթանայ ժամանակի պահանջներուն հետ: Իր գրասենեակային դրութիւնը փոխարինէ խմբագրատան որդեգրումով:
Այլ խօսքով, մեծ ու բարի մաղթանքս է, որ «Ասպարէզ»ը իր շուրջ համախմբէ մեր գաղութի մտաւորական ուժերը, եւ միասնաբար գործակցութեան մտահոգութիւնները ներկայացնելով, բաժնեկցի եւ լուծումներ առաջադրէ: Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք Սփիւռքի կարեւորութեան, ուրեմն անսակարկ կարիքը ունինք ծառայող մտաւորականներու, տեսակէտ եւ կեցուածք ունեցողներու, քննադատողներու՝ առողջ քննադատու-թեամբ, իրապաշտ մօտեցումի տէր մարդոց՝ ոչ թէ միակողմանի եւ մակերեսային կեցուածք ունեցողներու։
Յստակ է, որ քննադատութիւնը կը սկսի ինքնաքննադատութեամբ:
Ուստի յարգանքի տուրքի այս տողերուս բարի մաղթանք մըն ալ կը հասցէագրեմ «Ասպարէզ»ին, որ ան իբրեւ հայութիւն բուրող եւ հայ դատի պաշտպան, կեցուածքի ու տեսակէտի տէր մամուլ միշտ մնայ պատնէշի վրայ եւ յաջողութեամբ շարունակէ հասարակական առողջ կարծիք մշակելու իր ճանապարհը:
Բարի երթ: