ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ նախարարներու խորհուրդի նիստ, որուն աւարտին անմիջապէս կառավարութեան խօսնակ, պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչէք լրագրողներուն յայտարարեց, թէ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Ցիւրիխի մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մասին խորհրդարանականներուն պիտի զեկուցէ Հոկտեմբեր 21ին:
Ըստ թրքական «Զաման» օրաթերթին, Չիչէք լրագրողներուն յայտնած է, թէ նախարարներու խորհուրդի որոշումով, «Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղուած Երեւանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները, Թուրքիոյ խորհրդարան պիտի ուղարկուին յաջորդ Շաբաթ օր, Հոկտեմբեր 21ին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.