ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Ցիւրիխէն Անգարա վերադառնալէ ետք, Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին հարցազրոյց մը տուաւ թրքական պետական «Թի.Ար.Թի.» պատկերասփիւռի կայանին եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւններու ստորագրումը «անկիւնադարձային քայլ մըն է»։
Ան շեշտեց, որ արձանագրութիւնները կ՛արտացոլացնեն Թուրքիոյ «խաղաղ տեսլականը»։ Խօսելով արձանագրութիւններու ստորագրութենէն առաջ ծագած տագնապին մասին՝ զայն կոչեց «Գործընթացին բնական մասը։ Տագնապը գործելակերպային հարց մըն էր»։ Ան նաեւ յայտնեց, որ տագնապը արարողութեան ընթացքին կատարուելիք արտայայտութիւններուն հետ որեւէ կապ չունէր։
Տաւութօղլու ըսաւ, որ Թուրքիոյ տեսանկիւնը համապարփակ խաղաղութիւնն է եւ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ, եթէ բոլոր կողմերը հարցերուն անդրադառնան արդար եւ հաւասար կերպով։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները նոր հանգրուան մը թեւակոխած են եւ շեշտեց, որ այս նոր հանգրուանին մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդները պիտի կարենան զիրար աւելի ճշգրիտ կերպով հասկնալ։
Տաւութօղլու ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կենսական է։ «Թուրքիա տագնապի լուծման համար քայլերու դիմեց», նշեց ան՝ աւելցնելով, թէ անկարելի է, որ Թուրքիան որեւէ պայմանի տակ առանձին ձգէ Ատրպէյճանը։
Ան նաեւ նշեց, որ արձանագրութիւնները պիտի դիւրացնեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ միջազգային բեմերու վրայ յաւելեալ գործակցութիւնը եւ նպաստեն մեր ժողովուրդներու միտքերուն մէջ նախապաշարեալ փոխադարձ ըմբռնումներու վերացման։
Տաւութօղլուի խօսքերով՝ «Մենք աղքատ դրացի մը չենք ուզեր։ Մեր դրացին պէտք է հարստանայ, սակայն պէտք է յարգանք ունենայ մէկ այլ դրացի երկրի իրաւունքներուն հանդէպ։ Բոլոր հողամասերուն բռնագրաւումը վերջ պէտք է գտնէ»։
Տաւութօղլու աւելցուց նաեւ, որ «Հայաստան միայն կը շահի՝ բարելաւելով Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները։ Եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը բռնագրաւման վերջ պիտի տրուի»։
«Կարսի պայմանագիրն էր, որ սահմանները ճշդեց։ Այսպիսի համաձայնագիրներ օրինականութիւն չեն կորսնցներ նոյնիսկ եթէ կառավարութիւններ այլեւս գոյութիւն չունին։ Շաբաթ օր ստորագրուած արձանագրութիւնները ունին յօդուած մը, որ գոյութիւն ունեցող սահմաններու ճանաչման կ՛ակնարկէ։ Սահմաններու ճանաչման վերաբերեալ մտահոգութիւն չունինք», աւելցուց թուրք նախարարը։
Խօսելով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Սփիւռքը պէտք չէ Հայաստանի ուղղութիւն տայ», նշելով, որ ստեղծուելիք պատմական յանձնախումբը պիտի օգնէ «արդար յիշողութիւն ստեծելու» գործին։
Ըստ Տաւութօղլուի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ միջազգային հանրութեան կողմէ ոչ մէկ ճնշում եղած է։ «Միակ արտաքին ազդեցութիւնը եղած է Զուիցերիայէն, որ միջնորդ էր այս գործընթացին մէջ», յայտարարած է ան։