Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ բողոքի արտայայտութիւններուն շարքին էր երիտասարդական չորսօրեայ հացադուլը, որ տեղի ունեցաւ 6-9 Հոկտեմբերին, Հայաստանի հիւպատոսարանին առջեւ, Կլէնտէյլ։
Հացադուլին միջոցով երիտասարդութիւնը իր բողոքի ձայնը միացուց հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ բարձրացած համընդհանուր կոչերուն։
Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբերի կէսօրին, թեմական առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անձամբ այցելեց հացադուլի դիմած հայ երիտասարդներուն եւ քաջալերելով գնահատեց անոնց ազգային ոգին, բարձր գիտակցութիւնն ու յանձնառութիւնը՝ Հայ Դատի արդար լուծման ուղղութեամբ։ Ապա սրբազանը օրհնեց զանոնք եւ աղօթագիրքեր ու հայկական խաչեր բաժնեց անոնց։
Սրբազան հօր կ՛ընկերանային Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան։ Ներկաները միասնաբար աղօթեցին «Հայր Մեր»ը, ինչպէս նաեւ երգեցին «Մեր Հայրենիք» հիմներգը։
Յայտնենք, որ Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբերի կէսգիշերին, հացադուլի առաջին պահուն, յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան ներկայ գտնուեցաւ մոմավառութեան արարողութեան եւ հացադուլի մասնակիցներուն փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան եւ քաջալերանքի խօսքը։