ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Այն պահուն, երբ Ցիւրիխի մէջ հայ-թրքական «փրոթոքոլ»ներու ստորագրման շուրջ չնախատեսուած զարգացումները տեղի կ՛ունենային, յունահայութեան շատ մեծ թիւով զանգուած մը՝ երէցներով, պատանիներով ու երիտասարդներով, համախմբուած էր Նէա Զմիռնիի մէջ կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ, իր բողոքի ձայնը լսելի դարձնելու համար Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ միասնաբար «Ո՛Չ» բացագանչելու «փրոթոքոլ»ներու ստորագրութեան դէմ։
Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերին, գիշերը ժամը 7ին սկսած հաւաքը, հետզհետէ բազմամարդ դարձաւ, նոյն այն վայրէն ներս, ուր ամէն տարի Ապրիլ 24ի օրը յունահայութիւնը կը համախմբուի ոգեկոչելու Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը։ Նոյն բազմութեամբ ժողովուրդ համախմբուեցաւ Շաբաթ երեկոյեան, ազդու եւ ճնշիչ իր ներկայութեամբ ու արտայայտութիւններով մասնակից ըլլալով համայն սփիւռքահայութեան կողմէ հնչած մերժողական կեցուածքին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, որ Եռագոյն մեծ դրօշակով մը պատած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը, զանգակը, եւ անոր առջեւ մոմերով կազմած էր «ՈՉ» բառը։
Նոյն վայրէն ներս, ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենար ստորագրահաւաքի վերջնական հանգրուանը։ Արդէն հաւաքուած ստորագրութիւններու թիւին աւելցան երէկ գիշեր յաւելեալ ստորագրութիւններ եւս, որոնք պիտի յղուին Հայաստանի իշխանութիւններուն։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի կողմէ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեանը եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեանը, նաեւ Հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանը, Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Ռափայէլ քհնյ. Շեֆիքեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի, Յունահայոց Ազգային վարչութեան եւ Թաղականութեանց, ՀԿ խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
Բացման խօսքը կատարեց Յարութիւն Սպարթալեան, որ յունահայութեան մերժողական կտրուկ կեցուածքը դրսեւորեց՝ բողոք յայտնելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման հարցով։ Ան անդրադարձաւ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ կատարուած միջոցառումներուն եւ համայն հայութեան կողմէ դրսեւորուող վճռակամ կեցուածքին, որ արդէն փոխանցուած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին, երբ ան անցած շաբթուան ընթացքին շրջապտոյտ կատարեց Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ։
Իւրաքանչիւր կանգառ, այդ շրջապտոյտին մէջ, առիթ հանդիսացաւ, որ մեր հայրենակիցները մաքուր ու յստակ մերժողական իրենց կեցուածքը ցուցաբերեն «փրոթոքոլ»ներու ստորագրման դէմ։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններով եւ Հայաստանի մէջ նախօրէին դէպի Ծիծեռնակաբերդ կազմակերպուած 60,000 հայրենակիցներու մասնակցութեամբ երթի մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի «Երիտասարդական»ի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան, որ անդրադարձաւ նաեւ Ցիւրիխի մէջ նոյն պահուն ընթացող իրադարձութիւններուն, ժողովուրդը տեղեակ պահելով, թէ ստորագրման արարողութիւնը իր աւարտին չէ հասած, այլ ընթացքի մէջ են խիստ բանակցութիւններ:
Տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ Յունաստանի ամբողջ տարածքին, երկու կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ստորագրահաւաքին մասին։
ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ստորագրութեամբ հրապարակուած բաց նամակը՝ ուղղուած ՀՀ նախագահին, ընթերցուեցաւ Դաւիթ Պետրոսեանի կողմէ: Ապա, «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագիրը տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի նախագահի կատարած յայտարարութեան եւ Ցիւրիխի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մասին։
Մէջ ընդ մէջ ցուցադրուեցան երիզագրուած պահեր՝ Սփիւռքի հայկական գաղութներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն եւ հաւաքներէն, ինչպէս նաեւ հաղորդուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի այս առթիւ ունեցած ելոյթը Անթիլիասի մէջ։
Ներկաները իրենց արտայայտութիւններով մերժողական կեցուածք յայտնեցին Հայաստան-Թուրքիա կապերը բարեկարգող «փրոթոքոլ»ներուն դէմ։
Ձեռնարկի ամբողջ ընթացքին շարունակաբար կը հաղորդուէին Ցիւրիխի մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն նորութիւնները։ Ձեռնարկը փակուեցաւ գիշերուան ժամը 9ին, ներկաներուն կողմէ յոտնկայս երգուած «Մեր Հայրենիք»ով։