ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Մարդկային արժէքները անվերադարձօրէն փոխուած են, կասկած չկայ: Ոչ անպայման համաշխարհայնացման պատճառաւ: Այլ՝ ժամանակի թաւալման եւ արագութեան, շուկայական կեանքի զարգացման դարուն տուրք տալու համար: Այս մէկը՝ համայն մարդկութեան համար: Իսկ մեզի՞, հայերուս համար, կասկած չկայ որ շատ աւելին պիտի պատահէր:
Խօսինք միայն մեր եւ մեր արժէքներուն մասին: Որո՞նք փոխուած են, եւ որոնք՝ ոչ: Կան անձնական արժէքներ, բարոյական արժէքներ, ազգային արժէքներ, մշակութային արժէքներ, հոգեւոր արժէքներ, կրօնական արժէքներ, եւայլն: Եթէ լաւ պրպտենք, պիտի տեսնենք, որ գրեթէ բոլորին ալ փոփոխութեան դրդապատճառը ԴՐԱՄՆ է:
Յառաջդիմութիւնը շատ լաւ երեւոյթ է, բայց ունի իր անպատեհութիւնները: Սկսինք ամենապարզէն: Ժամանակին, Մերձաւոր Արեւելքի մեր երկիրներուն մէջ, եթէ մէկը ճամբան քալած միջոցին ինքնիրեն խօսէր, զայն խենթ կ՛որակէին: Ներկայիս, աշխարհիս գէթ կէսը կարելի է խենթ կոչել, եթէ կիրարկենք վերոյիշեալ չափանիշը: Համարեա բոլոր մարդիկ, մեծէն մինչեւ փոքրը, «պէտք ունին» գրպանի այդ հեռաձայնին. հայրեր՝ ըսելու համար թէ երեկոյեան պիտի ուշանան, երախաներ՝ ըսելու համար, թէ դպրոցէն իրենց ընկերոջ տունը պիտի երթան, մայրեր՝ ըսելու համար, թէ ժողովէն պիտի ուշանան այդ օր: Խորքին մէջ, բոլորին ալ նպատակը բարի է (շատ յաճախ), գէթ երեւութապէս: Այսինքն, անոնք կրնան իրենք զիրենք արդարացնել երեւութապէս:
Ժամանակին, պատանիներուն մեծ մասը փողոց կ՛իջնէր խաղալու համար: Ներկայիս, անոնք կը մնան տունը եւ կը զբաղին իրենց ելեկտրոնիկ խաղերով, ժամերով, առանց աթոռէն կամ բազմոցէն շարժելու: Կարծէք կախարդական ոյժ մը զանոնք հիպնոսացուցած ըլլար: Այս խաղերը երբեմն ալ պատանիները կը մղեն ոճիրներ գործելու, որովհետեւ անոնք այնքան կը կապուին այդ տիպարներուն եւ կ՛անձնականացնեն զանոնք, որ իրականութենէն բոլորովին դուրս կ՛ելլեն: Նոր աշխարհին եւ իրականութեան հետ իրենց կապը կը կտրուի: Նոր աշխարհ ըսելով՝ Ամերիկա ըսել չեմ ուզեր, այլ նոր իրականութիւն:
Այսու հանդերձ, երկիրը կը շարունակէ դառնալ, որովհետեւ տակաւին հաւասարակշռութիւնը պահուած է:
Ժամանակին, կիներու տնային գործերը շատ աւելի ծանր էին քան այսօր: Կինը այսօր չի կրնար գանգատիլ թէ ամբողջ օրը չէ դադրած աշխատելէ. մաքրութիւն, լուացք, արդուկ, շուկայէն գնումներ, ճաշի պատրաստութիւն: Չի կրնար գանգատիլ, որովհետեւ անմիջապէս իրեն պիտի ըսուի թէ մաքրութեան համար ունի ելեկտրական աւել եւ այլազան քիմիական դեղեր, ունի ելեկտրական լուացքի մեքենայ, ունի ելեկտրական արդուկ, ունի ինքնաշարժ՝ շուկայ երթալու համար, ունի բազմատեսակ փուռեր կերակուր պատրաստելու համար: Ինչ որ չեն կրնար ըսել այն է, թէ բոլոր այս մեքենաները իրենք իրենց չեն կրնար աշխատիլ, եթէ կինը անհրաժեշտ կոճակը չկոխէ ժամանակին:
Եւ այս բոլորը, տակաւին, եթէ կինը տունէն դուրս եւս չ՛աշխատիր:
Իսկ համակարգիչը, 20րդ դարու մեծագոյն գիւտը, մեծ դիւրութիւններ կ՛ընծայէ շատերու, իսկ ուրիշներու՝ մեծ դժուարութիւններ, նայած թէ ով է զայն գործածողը: Նոր սերունդը ամենամեծ դիւրութեամբ եւ հաճոյքով կը գործածէ զայն՝ ոչ միայն գրամեքենայի փոխարէն, այլեւ շատ մը ուրիշ բաներու: Այսօր երբ համակարգիչ կ՛ըսենք, պիտի հասկնանք անոր համապարփակ գործածութիւնը: Հազիւ բան մը կը սորվիս, յաջորդ օրը նոր բան մը շուկայ կ՛իջնէ: Մեր սերունդի մարդիկ միշտ ետ կը մնան եւ միշտ պէտք ունին օգնութեան՝ թերեւս տաս տարեկան երախայէ մը: Այս երեւոյթը իր մէջ կը փճացնէ ինքնավստահութիւնը, եւ չափահասը ի՛նչ որ ալ ընէ՝ չի հասնիր փոքրերուն:
Անուանի գրողներ կան, որոնք մինչեւ այսօր ձեռքով կը գրեն իրենց ստեղծագործութիւնները եւ չեն ուզեր նոյնիսկ խօսիլ համակարգիչի մասին: Կարծես սատանայ կը տեսնեն, երբ համակարգիչը տեսնեն: Իսկ, անդին, մարդիկ այլեւս նոյնիսկ համայնագիտարանի պէտք չունին, որովհետեւ ինչ բանի որ պէտք ունին, կը գտնեն հոն՝ համակարգիչին մէջ. եթէ անշուշտ գիտեն գործածել զայն: «Կուկըլ»ը վայրկեանին կու տայ պատասխանը բոլոր հարցումներուն: Ասիկա լաւ է, որովհետեւ գրադարաններու ընթերցողը կ՛ազատենք համայնագիտարանները՝ այդ ծանր բեռները շալկելէ: Անկէ զատ, պէտք է ձերբազատիլ նաեւ բոլոր գրիչներէն եւ մատիտներէն: Շատեր այլեւս պէտք չունին նոյնիսկ իրենց չէքերը գրելու:
Կը յիշեմ: Մեր մանկութեան ժամանակ, մեր մայրերու ընդունելութեան օրերուն, ուր միայն կիներ ներկայ կ՛ըլլային, եթէ խօսակցութեան բերումով պէտք պիտի ըլլար «յղի» բառը գործածել, բոլոր երախաներուն (18 տարեկանէն վար եղողներուն) կը թելադրուէր սենեակէն դուրս ելլել, որպէսզի չլսեն այդ բառը: Իսկ այսօր, նոյն այդ «երախաները» մեծերէն աւելի լաւ եւ ճիշդը գիտեն այդ կալուածին մէջ: Եւ եթէ հայր մը կամ մայր մը ուզէ անոնց բան մը բացատրել ծննդաբերութեան մանրամասնութիւններուն մասին, «երախաները» քմծիծաղով մը կ՛ըսեն, թէ գիտեն այդ նիւթին մասին եւ կ՛ազատեն ծնողները այդ անհաճոյ պարտականութեան տաղտուկէն: Դպրոցները յանձն առած են այդ պարտականութիւնը:
Ազգային կեանքի մէջ եւս արժէքները փոխուած են:
Անոնք որոնք իրենք զիրենք «հայրենասէր» կը կոչեն, հայրենասէր չեն, ոչ ալ ազգասէր:
Մինչեւ հիմա կը կարծէինք, որ մեր երկրի պետութիւնը յանձն պիտի առնէր մեր դատի հետապնդումը։ Ա՛յդ ալ սխալ դուրս եկաւ այս շաբթուան անցուդարձերէն ետք: Հակառակ թուրք պետութեան պնդումներուն, թէ սփիւռքը թող «չխառնուի» վերջին համաձայնագրի վաւերացման, այնպէս կը թուի թէ սփիւռքն է, որ ի վերջոյ պիտի զգաստացնէ մեր հայրենի պետութիւնը, որպէսզի դիտումնաւոր կամ անմեղ սխալներ թոյլ չտայ ինքնիրեն:
Այստեղ, կը մտաբերեմ դէպք մը, կապուած ՄԱԿի մեր այցելութիւններէն մէկուն: Յարաբերաբար նոր Ամերիկա եկած էինք ես ու մանչս, երբ իբրեւ զբօսաշրջիկներ Նիւ Եորք այցելութեան մը ընթացքին փափաքեցանք ՄԱԿի շէնքը եւս տեսնել: Վայելուչ կին մը մեզ կ՛առաջնորդէր դէպի տարբեր սրահները եւ ազնուօրէն բացատրութիւններ կու տար մեզի: Այդ միջոցին, պատանի մանչս համարձակութեամբ մօտեցաւ տիկնոջ եւ հարցուց. «Մենք հայ ենք. ինչպէ՞ս պիտի կարենանք մեր դատը ներկայացնել ՄԱԿին»: Տիկինը պատասխանեց այսպէս. «Դուք անհատներդ չէք կրնար քաղաքական հարց մը ներկայացնել. պէտք է որ ձեր պետութիւնը ընէ այդ:» Երբ ըսինք թէ անկախ պետութիւն չունէինք առ այժմ, կինը ըսաւ. «Երբ որ ունենաք, այն ատեն կրնաք ձեր փափաքը կատարել:» Երբ շէնքէն դուրս ելանք, տղաս հարցուց թէ ե՞րբ անկախ պետութիւն պիտի ունենանք: «Օր մը, – եթէ բախտաւոր ըլլանք», պատասխանեցի:
Անցան տարիներ, եւ հիմա որ ունինք անկախ պետութիւն, չէ՞ք կարծեր, որ աշխարհը իսկապէս շուռ է եկեր: Երկրագունտի մեծ քաղաքներու փողոցներուն մէջ, տիկնոջ ըսած պարզ «անհատները» կը պոռան-կը կանչեն եւ արդարութիւն կը պահանջեն, մինչ «հայրենի կառավարութիւնը դիւանագիտութեամբ կը փորձէ խոհեմ գտնուիլ եւ թուրքերը չնեղացնել:» Պահ մը կը մտածես, թէ արդեօք ո՞վ է խելացին. պարզ անհա՞տը, թէ՝ պետութիւնը:
Կը մտածես եւ դուն քեզի հարց կու տաս նաեւ. արդեօ՞ք մեր ծնողները ճիշդ էին երբ մեզի ազգային դաստիարակութիւն կու տային, թէ՝ ճիշդ էին անոնք, որոնք հեռատես ըլլալով ամերիկեան կամ օտար դպրոցներ ղրկեցին իրենց զաւակները, որոնք բարձր ասպարէզներու տիրանալով հարստացան եւ դարձան մէկական բարերարներ, մինչ մենք, ազգասէր սերունդս, կառչեցանք մեր հայութեան եւ հայերէնին, չդաւաճանեցինք մեր ազգին եւ մնացինք չափազանց համեստ, պաշտօնավարելով ազգային վարժարաններու եւ թերթերու մէջ, ունենալով թերեւս հոգեկան գոհունակութիւն: Այս չափազանց ազգային սերունդը նաեւ յաճախ ստիպուած եղաւ գովասանական նամակներ կամ յօդուածներ գրել այս կամ այն հարուստ բարերարին կամ անոր մասին: Իսկ, անոնք որոնք կը յորդորէին մեզի ըլլալ ազգասէր, հայասէր, ջանասէր եւ սկզբունքի տէր, չկան այլեւս, չուած են այս աշխարհէն աճապարանքով, որպէսզի չտեսնեն իրենց տուած խորհուրդներուն պտուղները:
Բայց, յանցանքը իրենցը չէ. չէ՞ որ «աշխարհը շուռ է եկել». գէթ հայկական աշխարհը..։