ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները «բնականոնացնելու» փորձերուն առաջին քայլը՝ արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնը Ցիւրիխի մէջ՝ 10 Հոկտեմբերին, գրեթէ պիտի վիժէր երբ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները առարկեցին մէկզմէկու յայտարարութեան, զոր իւրաքանչիւրը պատրաստած էր կարդալու համար ստորագրման արարողութենէն ետք։
Տրուած ըլլալով, որ իւրաքանչիւր կողմ իրաւունք ունէր նախօրօք քննելու միւսին փակման խօսքը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը գանգատեցաւ, թէ թրքական կողմը ծրագրած էր անընդունելի հարցեր վեր առնել Ղարաբաղի (Արցախ) եւ պատմական յանձնաժողովին վերաբերեալ։ Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը առարկեց իր հայ պաշտօնակցի փորձին՝ պնդելու թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատումը հիմնուած չէր «որեւէ նախապայման»ի վրայ։
Աւելի քան երեք ժամ տեւող լարուած բանակցութիւններէ ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յաջողեցան ճնշում բանեցնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն վրայ, որպէսզի արձանագրութիւնները ստորագրեն առանց փակման խօսքեր արտասանելու։
Ի հեճուկս հայ հանրային կարծիքի տարերային յուզման ալիքին, որ կը մեղադրէր Հայաստանի ղեկավարութիւնը անընդունելի զիջումներ կատարելուն համար, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան առաջ անցաւ եւ ստորագրեց արձանագրութիւնները Ցիւրիխի մէջ։
Ստորագրուած արձանագրութիւնները այժմ պիտի յղուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն՝ վաւերացման համար։ Սակայն նախ քան այդ վերջնական քայլին դիմելը, հայկական կողմը պէտք է նկատի առնէ հետեւեալ ինն միջոցառումները՝ մեղմացնելու համար արձանագրութիւններուն պատճառելիք վնասը հայկական շահերուն։
1) Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մը կամ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւն մը պէտք է քրէական գործ յարուցանէ Հայաստանի սահմանադրական ատեանին մօտ՝ արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան մասին առարկելու համար։ Այս նախաձեռնութիւնը անջատ պիտի ըլլայ այն օրինական պարտաւորութենէն, ըստ որում սահմանադրական ատեանը դատավճիռ պէտք է հռչակէ այն մասին, թէ տուեալ միջազգային համաձայնութիւն մը հա՞շտ է Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ։
2) Այս արձանագրութիւնները քննարկելէ առաջ, Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է սպասէ՝ տեսնելու համար թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը նախ պիտի վաւերացնէ զայն կամ ոչ։
3) Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը «տրամաբանական ժամանակամիջոցի մը ընթացքին» չվաւերացնէ արձանագրութիւնները, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է չեղեալ եւ անվաւեր հռչակէ զանոնք։
4) Հայաստանի խորհրդարանը պէտք չէ վաւերացնէ արձանագրութիւնները, եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը որեւէ վերապահումներ կամ նախապայմաններ կցէ անոր՝ վաւերացման ժամանակ։
5) Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է խորհրդարանական քննարկումէ ետ քաշէ այդ արձանագրութիւնները, եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը անոր վաւերացումը կապէ ոչ-առնչակից հարցերու հետ, ինչպէս օրինակ՝ Արցախի բանակցութիւններուն կամ Հայկական Ցեղասպանութեանը։
6) Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է տրամադրութիւն մը աւելցնէ արձանագրութիւններուն վրայ, նշելով որ անոնք չեղեալ եւ անվաւեր պիտի համարուին՝ եթէ զանոնք վաւերացնելէ ետք Թուրքիա չբանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը վաթսուն օրուան համաձայնուած պայմանաժամին ընթացքին, կամ եթէ ան փակէ սահմանը՝ զայն բանալէ ետք։ Արդարեւ, նախագահ Սարգսեան յանձնառու եղաւ աւելցնելու այսպիսի նախապայման մը, ի պատասխան իմ կողմէ կատարուած առաջարկի մը, 4 Հոկտեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ ամերիկահայ ղեկավարներու հետ տեղի ունեցած իր հանդիպման ընթացքին։
7) Նախ քան արձանագրութիւնները վաւերացնելը, Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ օրէնք մը, ըստ որուն ապօրինի կը համարուի որեւէ կառավարական մարմինի կամ գործակալութեան մասնակցութիւնը՝ որեւէ մէկ նախաձեռնութեան մը որ հարցականի տակ կ՛առնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը։ Այս օրէնքը պիտի հակադրուի թուրք ղեկավարներու եւ այլոց կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւններուն, թէ՝ արձանագրութիւններուն մէջ նշուած պատմական ենթայանձնաժողովը պիտի վերաքննէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնները։
8) Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է ապօրինի համարէ ոեւէ հայ պաշտօնատարի՝ Արցախի հետ կապուած որեւէ տարածքային զիջման ուղղութեամբ բանակցիլը, ստորագրելը կամ վաւերացնելը։ Ասիկա ամրօրէն կը փակէ դուռը՝ Արցախի շուրջ հայկական զիջումներու գծով թրքական կողմի կրկնուող պահանջներուն դէմ, նախ քան արձանագրութիւններուն վաւերացումը։
9) Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է Հայաստանի Խորհրդային ընկերվարական հանրապետութեան կողմէ բռնութեան տակ ստորագրուած Կարսի դաշինքը չեղեալ եւ անվաւեր հռչակէ։ Անգամ մը, որ Կարսի դաշինքը չեղեալ համարուի, արձանագրութիւններուն մէջ նշուած՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները գծող միջազգային դաշինքներու վերաբերող յղումը՝ այլեւս վաւերական պիտի չըլլայ, եւ հետեւաբար պիտի չբացառէ ապագայի հայկական հողային պահանջները Թուրքիայէն։
Հրամայական է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կիրարկեն վերոնշեալ քայլերը, որովհետեւ արձանագրութիւնները պաշտպանելու համար պարզապէս բերանացի բացատրութիւններ տալը չի ջնջեր անոնց մահացու արդիւնքները։
Տրուած ըլլալով, որ Հայաստանի ղեկավարները կը դժկամին կամ անկարող են վերաբանակցելու եւ բարեփոխելու այս արձանագրութիւնները՝ իրենց վրայ պարտադրուած միջազգային ճնշումներուն պատճառով, ինչպէս յայտնի դարձաւ Ցիւրիխի մէջ պարզուած տեսարանով, նուազագոյնը զոր կրնան ընել՝ Հայաստանի ազգային շահերուն հասնելիք վնասը սահմանափակելու միտող քայլեր առնելն է։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր