ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Նոյեմբեր 8ին կայանալիք իր տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, «Ազատութիւն» մրցանակով պիտի պատուէ Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատախազ Ճէրի Պրաունը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Սոնենց Փափազեան կը յիշեցնէ, որ գրեթէ 40 տարիներէ ի վեր Ճէրի Պրաուն քալիֆորնիահայութեան բարեկամը եղած է, իսկ վերջերս, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու՝ օտար ընկերութեանց դէմ դատ բանալու իրաւասութիւնը խլած Շրջանային վճռաբեկ ատեանին որոշումէն ետք, ան նաեւ հայութեան ի նպաստ դիմում մը կատարած էր ատեանին, որուն լիագումար նիստը պիտի քննէ տուեալ հարցը:
Ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին պիտի պարգեւատրուի նաեւ Յարութ Սասունեանը, տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Convention Center-ին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ տոմսերու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին: