ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հոկտեմբեր 15ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան լրագրողներուն յայտնած է, որ խմբակցութիւնը մշակած ու ԱԺ նախագահին ուղարկած է «Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման մասին» օրինագիծը։
«Մեր մտադրութիւնը մէկ է՝ թոյլ չտալ, որ նմանատիպ համաձայնագիր Սերժ Սարգսեանն՝ ինքնապարտադրուած կամ այլոց կողմից պարտադրուած, ստորագրի ԼՂՀ վերաբերեալ», ըսած է Ս. Սաֆարեան՝ բացատրելով, որ խօսքը միակողմանի զիջումներ պարունակող փաստաթուղթին մասին է։
Խմբակցութեան պատգամաւորները յոյսով են, որ խորհրդարանը «իրատես կը գտնուի ու ոչ միայն չի տապալի կամ դուրս չի մղի զայն խորհրդարանի օրակարգից, այլեւ՝ զայն կ՛ընդունի, հաշուի առնելով ԼՂՀի շուրջ այժմ տեղի ունեցող եւ ապագայում սպասուող զարգացումները», նշած է «Ժառանգութեան» պատգամաւորը: