Այս տարի եւս, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը պատրաստուի իր տարեկան նուիրահաւաքին՝ թելեթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան տօնին օրը՝ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26ին, Լոս Անճելըսի ժամով առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:
Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի բաժանմունքի ատենապետ, իրաւաբան Արա եւ Ճուլիա Ակիշեաններու բնակարանին մէջ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 6ին սկսած ընդունելութեան մը ընթացքին քօղազերծուեցաւ այս տարուան՝ 12րդ թելեթոնին խորհրդանշանը, զոր պատրաստած է Էտիկ Բալայեանը, եւ որ ստեղծուած է Շուշիի Ղազանչէցոց եկեղեցւոյ զանգակատան վրայ գտնուող հրեշտակի նշանին հիման վրայ:
Երեկոյեան պատուոյ հիւրն էր Բրիտանիայէն պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, որ այս առիթով ստացած է «Արցախի հրեշտակ» մրցանակը:
Ներկայ էին նաեւ Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի բաժանմունքի հոգաբարձական մարմինի անդամներն ու Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննէսեանը:
Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հիմնադրամին նեցուկ կանգնող նուիրատուներուն, Ակիշեան շեշտեց, թէ որոշուած է այս տարուան թելեթոնին հասոյթը յատկացնել Շուշին վերականգնելու աշխատանքներուն, եւ այդ պատճառով, որոշուած է թելեթոնը կոչել «Մեր Շուշին»:
Յայտնենք, թէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ թելեթոնը պիտի սփռուի «KSCI Channel 18»էն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատկերասփիւռի պետական առաջին կայանէն («Հ1», www.armtv.com), «ART Network»էն (www.artn.tv) եւ «Հորիզոն»էն (www.horizonarmeniantv.com):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել հիմնադրամի համացանցային կայքը՝ www.armeniafund.org: