Ֆրեզնօ իր այցելութեան ընթացքին, թուրք ազգայնամոլներու կողմէ սպաննուած Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինք, այցելեց նաեւ «Չարլի Քէյեան» վարժարանը՝ ընկերակցութեամբ Առաջին հայ երիցական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Մկրտիչ Մելքոնեանի:
Աշակերտութեան առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Ռաքէլ Տինք տեղեկութիւններ փոխանցեց Հրանդ Տինքի եւ Թուրքիոյ հայութեան մասին, միաժամանակ շեշտելով հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:
Վարժարանի հայերէնի եւ հայկական մշակոյթի դասատու Մարալ Մարգարեան ներկայացուց օրուան հիւրը եւ յիշեցուց, թէ Հրանդ Տինք անվախօրէն իր կարծիքը արտայայտած էր իր թերթին ընդմէջէն:
Իր կեցութեան ընթացքին Ռաքէլ Տինք երկու առիթներով ելոյթներ ունեցաւ Առաջին հայ երիցական եկեղեցւոյ մէջ, ուր նաեւ ցուցադրուեցաւ Հրանդ Տինքի նուիրուած վաւերագրական շարժապատկեր մը: