ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Իրենց օսմանցի նախնիներուն քաղաքական ճարպիկ խաղերով, Թուրքիոյ այժմու տէրերը իրենց երկիրը կը ներկայացնեն այլազան դիմակներով՝ իբրեւ եւրոպական եւ միջին արեւելեան, իսլամական եւ աշխարհիկ, արաբամէտ եւ իսրայէլամէտ։
Ներկայիս այնպէս կը թուի, թէ այդ թրքական առեղծուածներէն առնուազն մէկուն վերջը մօտալուտ է։ Իսրայէլացի պաշտօնատարներ վերջապէս արթնցած են իրենց երկար մահաքունէն, յայտնաբերելու համար, թէ իրենց երբեմնի «ռազմավարական գործակիցը» շատ աւելի թշնամական է իրենց հանդէպ քան իրենց արաբ թշնամիները։
Երկար ժամանակէ ի վեր թուրք ղեկավարները իսրայէլացիները կը պիտակեն ամէն տեսակի անախորժ անուններով եւ կ՛ամբաստանեն Իսրայէլը բարբարոսական արարքներ, մարդկութեան դէմ ոճիրներ եւ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով։ Տարօրինակօրէն, Իսրայէլ քիչ զայրոյթ ցուցաբերած է, նոյնիսկ թուրք հանրութեան մեծ զանգուածներու կողմէ ցեղապաշտական եւ հակասեմական յարատեւ պոռթկումներու դիմաց։
Թրքական թշնամանքի վերջին դրսեւորումը հանդիսացաւ Իսրայէլի վտարումը բազմազգ զինուորական փորձերէն, որոնք պիտի սկսէին Թուրքիոյ մէջ 12 Հոկտեմբերին։ Որպէս բողոք, Միացեալ նահանգներ, Իտալիա եւ Լեհաստան քաշուեցան այդ զինավարժութիւններէն, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոնց ջնջումին։ Իսրայէլացիները առաւել եւս գրգռելու միտող քայլով մը, Թուրքիա յայտարարեց, թէ փոխարէնը ան միացեալ փորձեր պիտի կատարէր Իսրայէլի գլխաւոր հակառակորդ՝ Սուրիոյ հետ։
Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան «Անաթոլիա Փրէս Էյճընսի»ին ըսաւ, թէ ինք թուրք հանրութեան փափաքին ընդառաջելով էր որ Իսրայէլին արգիլած էր զինուորական փորձերուն մասնակցելէ։ «Թուրքիա իր ներքին հարցերուն կապակցութեամբ ոեւէ մէկէն հրահանգներ չի ստանար», յոխորտաց Էրտողան։ Կարգ մը թուրք պաշտօնատարներ անուղղակիօրէն դիտել տուին, թէ խնդրոյ առարկայ արգելքը դրուեցաւ, որովհետեւ իսրայէլեան այն ինքնամուղները՝ որոնք պարտականութիւն ունէին մաս կազմելու այդ փորձերուն՝ այս տարեսկիզբին մասնակցած էին Կազայի ռմբահարման գործողութիւններուն։
Այս դէպքը մեծ մագլցում մը կը նշէ Իսրայէլի հանդէպ թուրքերու տածած վաղեմի դառնութեան մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով, թրքական բանակը կանգնեցաւ քաղաքային կառավարութեան կողքին՝ անոր հակա-իսրայէլեան կեցուածքին մէջ։ Առաւել եւս, Թուրքիա պարզ բերանացի դատապարտութենէն անդին երթալով՝ որոշակի քայլ մը առաւ։ Տարիներով իսրայէլեան կառավարութիւնը տրամադրուած էր կուլ տալու թուրք պաշտօնատարներու կողմէ արձակուած անարգանքները, այնքան ատեն որ իր օդոյժը արտօնուած էր ազատ փորձեր կատարելու թրքական ընդարձակ օդային տարածքին մէջ, տեղեկութիւններ փոխանակելու Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ զինուորական ծանր սարքեր ծախելու անոր։
Կացութիւնը աւելի ծանրացաւ երբ իսրայէլացիք խորապէս անարգուած զգացին անցեալ շաբաթ՝ թրքական պետական հեռատեսիլի կայանէն սփռուած յայտագիրի մը պատճառով, որ իսրայէլացի զինուորներու կողմէ պաղեստինցի մանուկներու սպանութեան, ինչպէս նաեւ ա՛յլ ջարդերու գործադրութեան վերաբերող պատկերաւոր տեսարաններ ցուցադրեց ։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ատոր հակազդեց՝ Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանը նախարարատուն կանչելով եւ Թուրքիան ամբաստանելով իսրայէլացիներուն դէմ ատելութիւն հրահրելու մեղքով։ Լիպըրման նշեց, թէ Իսրայէլի թշնամիներն անգամ պիտի չսփռէին նմանօրինակ թշնամական հեռատեսիլային տեսաշար մը։ Իսրայէլի փոխ վարչապետ Սիլվան Շալոմ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, որ «խելքը գլուխը հաւաքէ»։ Ուրիշ իսրայէլացի պաշտօնատար մը նշեց. «Մենք պէտք է դադրինք թրքական հրամաններուն եւ նուաստացումներուն հանդուրժելէ։ Անըմբռնելի է, որ անոնք ամէն առիթով անարգեն մեզ, իսկ մենք շարունակենք զսպել զմեզ»։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կտրուկ կերպով մերժեց ապագային Սուրիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ միջնորդական դերակատարութիւն։ Անանուն բարձրաստիճան «իսրայէլացի պաշտօնատար» մը «Հաարեթզ»ին յայտնեց թէ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի ռազմավարական կապերը կրնան «պարզապէս վերջ գտած» ըլլալ։ Մինչ այդ «Ճերուզալէմ Փոսթ»ը մէջբերեց իսրայէլեան պաշտպանութեան մարզի կարգ մը պաշտօնատարներու յայտարարութիւնը այն մասին, որ «կատարելագործուած զէնքերու վաճառքը Թուրքիոյ՝ այժմ վերատեսութեան պիտի ենթարկուի»։
Անցեալ շաբաթ, նաեւ, համատարած կոչեր ուղղուեցան Իսրայէլի հանրութեան՝ պոյքոթի ենթարկելու թրքական զբօսաշրջութեան վայրերը։ Ամերիկեան ազգային հանրային ձայնասփիւռի (National Public Radio NPR) կայանը հաղորդեց, թէ Իսրայէլի մեծագոյն աշխատաւորական միութիւնը այլեւս իր հազարաւոր աշխատաւորներուն համար դէպի Թուրքիա շրջապտոյտներ պիտի չկազմակերպէր, այլ պիտի յանձնարարէր որ, փոխարէնը՝ անոնք Յունաստան եւ Պուլկարիա այցելեն։ Ըստ «Թայմ մակազին»ի, Յունուարէն ի վեր քառասունեօթ տոկոսի անկում մը արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ արձակուրդ անցընող իսրայէլացիներուն թիւին մէջ։ Իսրայէլեան սրճարաններու (coffee shop) ընկերակցութիւն մը իր դժգոհութիւնը արտայայտեց յայտարարելով, թէ այլեւս թրքական սուրճ պիտի չհրամցնէ իր յաճախորդներուն։ Աննախընթաց քայլով մը, կարգ մը իսրայէլացի նախարարներ յայտարարեցին, թէ պիտի մերժէին այս ամսուան վերջաւորութեան Թուրքիոյ անկախութեան օրուան տօնակատարութեան մասնակցելու՝ թրքական դեսպանատան հրաւէրը։
Բազմաթիւ զայրացած իսրայէլացիներ ջատագովեցին այն գաղափարը թէ՝ որպէս փոխվրէժ՝ Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ Հայկական ցեղասպանութիւնը։ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթի աշխատակից Տան Մարկալիթ՝ թուրքերը ամբաստանեց ոչ միայն ցեղասպանութեամբ, այլեւ «շարունակուող այն ոճիրով, որ կը դրսեւորուի Թուրքիոյ կողմէ սպանդին աշխոյժ ուրացումներով, ինչպէս նաեւ թշնամութեամբ՝ ընդդէմ որեւէ երկիրի, կառավարութեան կամ արուեստագէտի որ կը ցանկայ իր սոսկումը արտայայտել» այդ մասին։
Ռամաթ Կանի Պար Իլան համալսարանի «ՊԵՍԱ» ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի վարիչ՝ Էֆրայիմ Ինպար թուրքերուն յիշեցուց, թէ անոնք տակաւին կարիքը ունին «Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան ազդեցութեան՝ արգիլելու համար Ա. Աշխարհամարտին հայերու բնաջնջումը իբրեւ ցեղասպանութիւն համարող օրինագիծի մը վաւերացումը Քոնկրէսի մէջ»։
Աննախընթաց քայլով մը, «Իմ Թիրթզու» իսրայէլեան ուսանողական շարժումը անցեալ շաբաթ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց Թել Ավիւի Թրքական դեսպանատան դիմաց։ Ուսանողները ցուցադրեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն արիւնալի նկարները, Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր բաժնեցին անցորդներուն, ինչպէս նաեւ ցուցադրեցին պաստառներ, որոնք Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէին պաշտօնապէս ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը։
Թուրք ուրացողներուն նեցուկ կանգնած ըլլալու անցեալի իր մեղքը քաւելու համար, Իսրայէլ պէտք է պաշտօնապէս հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխուժօրէն լոպիինկ ընէ ուրիշ երկիրներու կողմէ եւս անոր ճանաչման համար։ Իսրայէլ նաեւ պէտք է արտօնէ կեդրոնական վայրի մը մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի մը կանգնումը, ինչպէս նաեւ վերցնէ հեռատեսիլէն այդ նիւթին մասին վաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութեան դէմ երկար ատենէ ի վեր իր դրած արգելքը։ Վստահաբար, Իսրայէլի սեփական շահերուն աւելի կը նպաստէ կուսակից ըլլալ Ցեղասպանութեան զոհերուն, քան թէ զայն գործադրողներուն:
Թուրքիոյ հետ իր անսուրբ դաշնակցութիւնը ի գին ամէն ինչի պահելու փոխարէն, Իսրայէլ պէտք է լրջօրէն հաշտարար լուծում մը հետապնդէ պաղեստինցիներուն հետ, եւ խաղաղօրէն ապրի իր արաբ դրացիներուն հետ, այդու խուսափելով Թուրքիոյ ուրացող վարչակարգէն բարիքներ հայցելու կարիքէն։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր