ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդականները յայտնած են, որ Սուրիա միայն Թուրքիան պիտի ընդունի իբրեւ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններու միջնորդ։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած էր, որ Թուրքիա յետ այսու Սուրիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ ազնիւ միջնորդ մը չի կրնար ըլլալ։
Էրտողանի խորհրդականները վերոնշեալ պատգամը փոխանցեցին իսրայէլեան խորհրդարանի արաբ անդամ Ժամալ Զահալքայի, որ Պոլիս կը գտնուէր մասնակցելու համար խորհրդաժողովի մը:
Զահալքա յայտնած է, որ Թուրքիոյ վարչապետը Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ մղելու Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը քննարկած ատեն աւելի չափաւորական ոճ մը որդեգրած է։ Ան նաեւ նշած է, որ Էրտողան յայտնած է, որ իրանեան հիւլէական անելը կարելի չէ զինուորական միջոցներով լուծել։ «Դիւանագիտութիւնը այս տագնապը վնասազերծելու միակ միջոցն է», ըսած է ան։ Էրտողան Պոլսոյ մէջ խորհրդաժողովին մասնակիցներուն նաեւ յայտնած է, որ Անգարա պատրաստ է Իրանի եւ միջազգային համայնքին միջեւ միջնորդութիւն կատարելու։