ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Այս տարուան ՀԵԴի Ողիմ-պիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 27-29ի շաբաթավերջին, Սան Տիէկոյի «Paradise Point Resort and Spa»ի մէջ, (1404 W. Vacation Rd.), կազմակերպութեամբ ՀԵԴի Կլէնտէյլի «Ռուբէն» ուխտին:
36րդ տարին ըլլալով Միացեալ Նահանգներու տարածքէն հայորդիներ մէկտեղող սոյն ձեռնարկը պիտի սկսի Ուրբաթ յետ միջօրէի ժամը 3ին, աւարտելու համար Կիրակի, կ.ե. ժամ 2ին:
Տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի մրցաշարքեր, ինչպէս նաեւ խրախճանքներ, պարահանդէս եւ խարոյկահանդէս: Պիտի կազմակերպուին նաեւ պտոյտներ:
Սենեակ ապահովելու համար դիմել (818) 274-4630 թիւին, յիշեցնելով, որ ՀԵԴի Ողիմպիական խաղերուն մասնակից էք, գիշերը 119 տոլարի արժեգինը ստանալու համար: Կարելի է նաեւ ճաշերու համար յատուկ կտրօն մը (Hye Pass) ապահովել 65 տոլարով (Նոյեմբեր 2էն ետք՝ 85 տոլար): Օդակայանէն պանդոկ փոխադրութիւնը ապահովուած է:
Անոնք որոնք կը փափաքին ծանուցում զետեղել ձեռնարկի գրքոյկին մէջ, թող կապուին sandiegoolympics2009@gmail.com հասցէին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.ayfwestolympics.com համացանցային կայքը: