ՈՒԷՍԹՈՒՈՒՏ.- Հանրութիւնը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու օտարագիր հայ գրողներու երրորդ համաժողովին, որ պիտի կայանայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) «Շէօնպըրկ» սրահին մէջ, Նոյեմբեր 6-7: Նշենք, որ նախորդ երկու համաժողովները կայացած էին Երեւանի մէջ (2004ին եւ 2006ին):
Համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ, մասնակցութեամբ UCLAի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, համանախագահութեամբ Լեւոն Անանեանի եւ Փիթըր Քաուիի:
Նկատի առնուած նիւթերն են՝ օտարագիր հայ գրողներու նորագոյն հրատարկութիւնները եւ անոնց թարգմանութիւնը՝ հայերէնի, ընտանիքի դերը իբրեւ ակունք եւ ներշնչման աղբիւր՝ գրական ստեղծագործութեանց համար, Ցեղասպանութեան եւ յիշողութեան ազդեցութիւնը գրականութեան վրայ, հայրենիքի գաղափարին եւ ինքնութեան հարցերու զանազան անդրադարձները գրականութեան մէջ:
Ելոյթներ պիտի ունենան փրոֆէսէօրներ Տէյվիտ Քալոն, Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Էլըն Ուաթհորն, ինչպէս նաեւ գրողներ՝ Տայանա Տէր Յովհաննէսեան, Փիթըր Սուրեան, Ալիսիա Կիրակոսեան, Մարք Արաքս եւ շրջանէն երիտասարդ բանաստեղծներ:
Զեկոյցներուն կողքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սարոյեանի «Hungerers» թատրերգութեան ներկայացումը (Նոյեմբեր 6ին) եւ արդի դասական երաժշտութեան նուիրուած ձեռնարկ մը (Նոյեմբեր 7ին): Երկու ձեռնարկներու պարագային ալ մուտքի սակը 10 տոլար է:
Ասոնց զուգահեռ, համալսարանին «Քէրքոֆ» ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ քալիֆորնիահայ երիտասարդ արուեստագէտներու ցուցահանդէս մը, կազմակերոպութեամբ Վազգէն Բրուտեանի: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ գիրքերու ցուցադրութիւն, կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան:
Կազմակերպման ծախսերը մասամբ կը հոգայ Ռուսահայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան, որ ներկայ պիտի ըլլայ ձեռնարկին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել փրոֆ. Օշին Քէշիշեանին (osheen@glendale.edu) կամ փրոֆ. Փիթըր Քաուիին (cowe@humnet.ucla.edu):