Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին կողմէ հիւրընկալուեցաւ ծանօթ մտաւորական ու գրագէտ Մովսէս Պչաքճեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս ժամանած է Փարիզէն։ Մովսէս Պչաքճեանի կ՛ընկերանային Կարօ Էսքիճեան եւ Երուանդ Աւագեան։
Առաջնորդը ողջունեց յարգելի հիւրը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր ազգային ծառայական ու գրական վաստակին մասին։ Մովսէս Պչաքճեան Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի» պետական մրցանակի դափնեկիր է։ Խօսակցութեան նիւթ եղան մեր մշակութային առօրեային եւ ազգային կեանքը ներկայիս յուզող իրադարցութեանց կապուած հարցեր։
Նշենք, որ նոյն օրը, երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ժամը 8ին, տեղի ունեցաւ հեղինակին նորագոյն վէպին՝ «Անցողիկը եւ Անժամանցելին» երկհատորեակին շնորհահանդէսը։ Գրական երեկոն Կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Շրջանային վարչութեան կողմէ։ Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր ձեռնարկին ներկայ եղաւ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։