ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ հանրապետութիւնը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին կը տօնէ իր հիմնարկութեան 86րդ տարեդարձը։ Տարեդարձը կը տօնուի խանդավառ, բայց հարցման նշաններով լեցուն մթնոլորտի մը մէջ։ Երկիրը հասած է նախանձելի բարձրութիւններու, հանրապետութիւնը յաջողութեամբ անցած է բազմաթիւ փորձութիւններու ու վտանգներու մէջէն, եւ այսօր հասած է այնպիսի մակարդակի մը որ իր մասին խօսեցնել կու տայ միջազգային հրապարակի վրայ, ծանրութիւններ ունի ամբողջ աշխարհը յուզող ինչ ինչ կենսական հարցերու մէջ, իսկ հիմա իր գիրկը կը բանայ նորանոր ու ցարդ անկարելի նկատուած բացուածքներու։
Այս բոլորը կը ստեղծեն լաւատես մթնոլորտ մը հակառակ բոլոր այն վերապահութիւններուն ու մերժողական կեցուածքին, զոր ընդգրկած են այս երկրին երկու գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները։ Հանրապետութեան տարեդարձը կը տօնուի «Էրկէնէքոն»ի դատավարութեան կամ պետական հարուածի մը ծրագրին յայտնաբերումին ստեղծած շփոթ ու նուրբ հոգեբանութեան մը, բայց քրտական կամ հայկական հարցերու եւ տակաւին բազմաթիւ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ նոր կեցուածքի մը ներշնչած ակնկալութիւններու ու լաւատեսութեանց մթնոլորտին մէջ։