ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարարութեան ամավարկի գրասենեակի պատասխանատու Ֆազիլ Ֆարաճով Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5ին յայտարարեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին երկրին պաշտպանութեան ամավարկը մօտաւորապէս 1.5 միլիառ տոլար պիտի ըլլայ, պնդելով, թէ անցեալ տարուան համեմատ, այդ մարզին մէջ նուազում չէ արձանագրուած:
Սակայն, կարգ մը երեսփոխաններ պնդեցին, թէ յատկապէս այս օրերուն պաշտպանութեան մարզին տրամադրուելիք գումարները պէտք է աւելնան, միաժամանակ յայտնելով, թէ իրենց հաշուարկով, 2010ի ամավարկին մէջ պաշտպանութեան ոլորտին տրամադրուելիք գումարը նախորդ տարուան գումարէն մօտաւորապէս 180 միլիոն տոլար նուազ է, եւ այդ կապակցութեամբ յստակացում պահանջեցին կառավարութենէն: