ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Նոյեմբեր 5ին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչներ՝ Վիքի Մարաշլեանը, Ժիրայր Պէօճէքեանը եւ Մարգարիտա Թարանեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ ՀՕՄի կողմէ իրականացուող բարեգործական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան 100ամեակին համար նախատեսուող տօնակատարութիւններուն առընչուող հարցեր:
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան նշած է, որ հակառակ առկայ ճգնաժամին յարուցած դժուարութիւններուն, կազմակերպութիւնը կը փորձէ շարունակել իր ծրագիրներուն իրականացումը, յատկապէս ԼՂՀի մէջ, քանի որ իր կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը ԼՂՀի մէջ բարեգործական նախագիծերու իրականացումն է։
Ըստ Ժիրայր Պէօճէքեանի, կազմակերպութիւնը յաջորդ տարուան համար կը նախատեսէ հոգալ նաեւ արցախցի ուսանողի մը Լիբանանի մէջ ուսանելու ծախսերը:
Վարչապետը հիւրերը ծանօթացուցած է ԼՂՀ կրթութեան ոլորտի ծրագիրներուն եւ շեշտած, որ անոնց իրագործման ընթացքին յառաջացած դժուարութիւններու յաղթահարման համար կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու միութեան: