ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլիաքով (Ռուսաստան), Ռապըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) Պաքուի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ, քննելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առընչուող շարք մը հարցեր:
Համանախագահները Պաքուէն ճամբայ ելան դէպի Թիֆլիս, ուրկէ Երեւան պիտի մեկնին Հայաստանի պետական պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար այսօր, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին: