ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով երէկ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքի մասին, յայտնած է, որ Դեկտեմբեր 7ին Թուրքիոյ Մէջլիսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի աւարտէ արձանագրութիւններու վաւերացման վերաբերեալ կարծիքներ լսելու աշխատանքը: Եթէ թրքական կողմը բացասական վերաբերմունք արտայայտէ արձանագրութիւններու վաւերացման հանդէպ, ապա, Շարմազանովի համոզմամբ, այդ վերաբերմունքը միջազգային հանրութեան կողմէ լաւ պիտի չընդունուի:
«90ականններին սահմանը փակողը Թուրքիան է եղել, իր նախաձեռնութեամբ, հետեւաբար այսօր էլ արձանագրութիւնների առաջին վաւերացնողն ինքը պէտք է լինի», ընդգծած է Շարմազանով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.