ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Տարֆուրի ցեղասպանութեան դէմ աշխատանք տանող կազմակերպութեանց համախմբումին կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ուղղուած կոչը, որուն մէջ նախագահէն կը պահանջուէր ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրի Թուրքիա այցելութիւնը չկայանայ:
Յայտնենք, թէ Պաշիր Միջազգային քրէական ատեանին կողմէ կը հետապնդուի Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան հարցով: Թուրք պաշտօնատարներ յայտնած էին թէ, հակառակ ատեանի վճիռին, պիտի չձերբակալեն Պաշիրը եթէ ան Թուրքիա այցելէ: Թուրքիա մեծ քանակութեամբ զէնք կը ծախէ Սուտանի իշխանութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.