ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի պատկերասրահի երկարամեայ տնօրէն, արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն մը, անոր ծննդեան 75 ամեակին առիթով: Ելոյթներ պիտի ունենան Երուանդ Գոճապաշեան, Ռաֆֆի Պոյաճեան, Լեւոն Մկրտչեան եւ Հայկ Մսըրլեան: Հանդիսավարն է Թերէզա Հայրապետեան: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard), երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: