ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտահայաստանի պաշտպանութեան խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20ին տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու հարցով ժողովրդային հաւաք մը, որու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան փրոֆ. Ռազմիկ Շիրինեան, Մուրատ Թոփալեան եւ Մայքըլ Սոսիկեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard), երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Մուտքը ազատ է: