Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» գոլէճի, Հայկական Ցեղասպանութեան 95 ամեակին առիթով, ուխտագնացութիւն մը տեղի պիտի ունենայ դէպի Կիլիկիա, Արեւմտահայաստան, Հալէպ եւ Տէր Զօր, յառաջիկայ Ապրիլ 16-25ին, առաջնորդութեամբ գոլէճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի:
Ուխտագնացները պիտի այցելեն պատմականօրէն հայապատկան ու հայաբնակ քաղաքներ եւ գիւղեր, ինչպէս՝ Ատանա, Մարաշ, Զէյթուն, Այնթապ, Սիս, Մուսա Լեռ, Քրըքխան, Պէյլան, Անտիոք, Մալաթիա, Խարբերդ, Տիգրանակերտ, Սեւէրէկ, Ուրֆա, Պիթլիս, Քիլիս, ինչպէս նաեւ Հալէպ եւ Տէր Զօր, ուր պիտի մասնակցին մեր 1.5 միլիոն նահատակներու նուիրուած ոգեկոչման յատուկ պատարագի եւ յիշատակի արարողութեան:
Ուխտագնացութիւնը արժանավայել մակարդակով կազմակերպելու համար գոլէճը մշակած է իւրայատուկ ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ կատարած է առաջնակարգ պանդոկներու, ճաշերու եւ փոխադրամիջոցներու յատուկ կարգադրութիւն: Ուխտագնացութեան համար որոշած է ներառել միայն 32 մասնակից:
Կանխավճառի ժամկէտն է Դեկտեմբեր 19, 2009: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել (818) 548-9345 թիւին: