ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Կիրակի՝ 6 Դեկտեմբերին, Լոս Անճելըսի դաշնակցական ընտանիքը, համակիր մեր ժողովուրդին հետ եւ ազգային–միութենական ուղեկից կառոյցներու մասնակցութեամբ, կը տօնէ ՀՅԴ հիմնադրութեան 119ամեակը։
Աւանդաբար ամէն տարեվերջի կատարուող «Մեր Օր»ուան տօնակատարութիւնը, աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր, 1980ականներու սկիզբէն, վերածուած է հաշուետուութեան օրուան։ Ճշգրիտ կամ մնայուն թուական մը չունի ՀՅԴ «Մեր Օր»ը, բայց սովորաբար կը տօնուի տարեվերջի ամիսներուն, իրարու քով կը բերէ շարքային թէ համակիր դաշնակցականները եւ, Դաշնակցութեան կտրած ուղիին պատմական արժեւորումը կատարող ելոյթներու կողքին, լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայ ժողովուրդի ներկան յուզող ազգային–քաղաքական հարցերն ու մարտահրաւէրները։ Միայն անցեալի ոգեկոչումով ու արձանագրուած նուաճումներու մեծարանքով չի սահմանափակուիր «Մեր Օր»ուան տօնակատարութիւնը։ Այլեւ՝ սեփական ժողովուրդին հաշուետուութիւն կատարելու պատասխանատուութեան ոգիով, դաշնակցական իւրաքանչիւր շրջան, մեծ ըլլայ թէ փոքր, կ՛անդրադառնայ Դաշնակցութեան այսօրուան դիրքորոշումներուն եւ կատարած աշխատանքներուն՝ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած մերօրեայ հրամայականներուն լոյսին տակ արժեւորումի ենթարկելով Դաշնակցութեան ներդրումը թէ՛ ընդհանրապէս՝ համահայկական ճակատի վրայ, թէ՛ մասնաւորապէս՝ տուեալ հայօճախի ազգային–միութենական կեանքէն ներս։ Յիշողութիւնները թարմացնելու նպատակով կ՛արժէ նշել, որ հեռաւոր անցեալին չկար «ՀՅԴ Օր» կամ «Մեր Օր» տօնելու աւանդութիւն։
Իր հիմնադրութեամբ ծաւալած յեղափոխական բուռն գործունէութեան առաջին քսանամեակին, Դաշնակցութիւնը ո՛չ ժամանակը ունէր եւ ոչ ալ անհրաժեշտութիւնը կը զգար իր կտրած ուղիին վրայ արժեւորման ակնարկ նետելու եւ «Մեր Օր» տօնելու։ Առաւելագոյն պարագային, դաշնակցական մամուլը կը նշէր ՀՅԴ տասնամեակը կամ քսանամեակը՝ պատկերազարդ բացառիկ թիւեր նուիրելով պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուած դաշնակցական անուանի դէմքերուն թէ խոնարհ հերոսներուն։
Նոյնը պատահեցաւ ՀՅԴ գործունէութեան երրորդ տասնամեակին ու մինչեւ 1920ականներու կէսը, երբ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան, 1917ի համառուսաստանեան յեղափոխութեան եւ, մանաւա՛նդ, 1918ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետեւած ժամանակաշրջանին, իր առջեւ բացուած խորհրդարանական, ռազմաքաղաքական եւ պետական ծայր աստիճան պատասխանատու գործունէութեան 10–15 տարիներուն, Դաշնակցութիւնը ամբողջապէս կլանուեցաւ կենդանի պայքարով։ Ինչպէս Ռոստոմ պիտի ըսէր՝ «այնքան տարուեցինք գործով, որ խօսիլն էլ մոռացանք»…
Բայց Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն եւ խորհրդային տիրապետութեան հաստատումէն ետք, մանաւանդ երբ Անկախութեան Սերունդի տարագրութեամբ Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սկսաւ առաւելապէս սփիւռքեան գործունէութեան երկարատեւ շրջանը, շատ բան փոխուեցաւ ինչպէս հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ ընդհանրապէս, նոյնպէս եւ Դաշնակցութեան կեանքէն ներս։ 1924ին Փարիզի մէջ գումարուած ՀՅԴ 10րդ Ընդհանուր Ժողովը որոշում կայացուց՝ տարուան մէջ օր մը, աշնանամուտին, որոշապէս Հոկտեմբերի ընթացքին, տօնել «ՀՅԴ Օր»ը կամ «Մեր Օր»ը՝ այդ առթիւ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած հասոյթը ամբողջապէս յատկացնելով «Վեթերաններու ֆոնտ»ին։
Ժամանակի ընթացքին եւ գաղութէ գաղութ մեր ժողովուրդը սրտանց փարեցաւ «Մեր Օր»ուան տօնակատարութեանց։ Սպասեց եւ խուռներամ շարքերով ընդառաջեց այդ առիթով կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեանց, որոնք սկզբնապէս ակումբներու մէջ կատարուող տօնակատարութիւններէն վերաճեցան քաղաքական ելոյթներու մեծ հանդիսասրահներու մէջ, որոնց մուտքին անպայման կը զետեղուէին «Վեթերաններու ֆոնտ»ին վերապահուած գանձանակտուփեր՝ հանդիսականներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։
1972ի ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր ժողովէն ասդին եւ նոյն այդ ժողովի որոշումով՝ «Վեթերաններու ֆոնտ» այլեւս չունի Դաշնակցութիւնը։ Կեանքի բնական տերեւաթափով եւ սերնդափոխութեամբ, բայց մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններու տակ իր վերակազմաւորումով՝ Դաշնակցութիւնը փակեց կարիքաւոր իր վեթերաններուն նաեւ նիւթապէս տէր կանգնելու բարոյական պարտաւորութեան էջը։ Բայց արդէն աւանդութեան վերածուած «Մեր Օր»ը շարունակեց տարին օր մը ի մի բերել շարքային թէ համակիր դաշնակցականները, որոշ գաղութներու պարագային նաեւ հայ քաղաքական միւս հոսանքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական–պետական դէմքեր, միասնաբար մեծարելու համար Հայկական Ազատամարտի աննկուն դրօշակիրին կտրած ուղին, նաեւ՝ ստանալու համար անոր տարեկան հաշուետուութիւնը։
Իսկ 1990ի 8 Օգոստոսէն սկսեալ, երբ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս բացայայտեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ, ամէն տարեվերջի, Հոկտեմբեր–Դեկտեմբեր ամիսներուն, հայրենի մեր կազմակերպութիւնը իր հերթին օր մը կ՛առանձնացնէ Դաշնակցութեան համար, որպէսզի հայոց նորագոյն պատմութեան գաղափարի անխոնջ մարտիկը ներկայանայ մեր ժողովուրդին, հաշուետու արժեւորումը կատարէ իր կտրած ուղիին եւ Հայաստանի ու հայութեան անմիջական վաղուան հաշւոյն իր ստանձնած առաքելութեան եւ անելիքին ուղենշումը կատարէ։