ՊՈԼԻՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին, Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան Թուրքիոյ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Պոլսոյ «Լրագիր» թերթին համաձայն, Արամ արք. Աթէշեան վարչապետը տեղեակ պահած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի առողջական վիճակին մասին, դիտել տալով, որ այդ պարագան նկատի ունենալով, նպատակայարմար է աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւնը։ Այս մասին պէտք է պաշտօնական դիմում ներկայացուի թրքական իշխանութիւններուն։
Յուսանք թէ թուրք պետութեան խամաճիկ իթթահատական Աթէշեան սրբազանը չընտրուիր Պոլսոյ Պատրիարք:
Վահան
Bolis