ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛անդամակցի բազմաթիւ միջազգային ու տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, որոնցմէ 86ին տարեկան անդամակցութեան վճարումները կը կատարուին ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան միջոցով՝ միջազգային կազմակերպութիւններուն ՀՀ անդամակցութեան համար ՀՀ պետական պիւտճէով յատկացուած միջոցներէն:
Հայաստան օժանդակ անդամի կարգավիճակ ունի Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան մէջ, դիտորդի կարգավիճակ՝ «Եւրազէս»էն ներս եւ «Միաւորում» շարժման կազմակերպութեան մէջ:
Ըստ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեանի, այս տարի միջազգային կազմակերպութիւններուն անդամակցութեան գծով ՀՀ տնտեսական պարտաւորութիւններու ընդհանուր գումարը 1 միլիոն 942 հազար 870 տոլար է: Հաշուի առնելով նախորդ տարիներուն համար կուտակուած պարտքերու մարման գործընթացը՝ միջազգային կազմակերպութիւններու ՀՀ անդամակցութեան համար 2009ին ՀՀ պետական պիւտճէով յատկացուած է 2 միլիոն 725 հազար 464 տոլար: Այս գումարը, համաձայն վճարման ժամանակացոյցի, հաւասարապէս բաշխուած է չորս եռամսեակներու վրայ եւ ցարդ վճարումները կատարուած են առանց ուշացումներու: Ներկայիս ՀՀ ընդհանուր պարտքը միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ 8.5 միլիոն տոլար է:
Բացի պարտադիր անդամավճարներէն, Հայաստան մասնակցելով համաշխարհային գործընթացներուն, կամաւոր վճարումներ կը կատարէ նաեւ ՄԱԿի տարբեր կառոյցներու, հաշուի առնելով անոնց ինքնուրոյն դերը միջազգային մարդասիրական ու հրատապ խնդիրներու լուծման մէջ, ինչպէս օրինակ, ՄԱԿի «Արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման հիմնադրամ»ը, ՄԱԿի «Կանանց զարգացման հիմնադրամ»ը: