ԱԹԷՆՔ.- Յունահայ ծանօթ նկարիչ Էտուարտ Սագայեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը սկսած է եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 31 Մարտ 2010, Փլաքայի «Ֆրիսիրա» թանգարանին մէջ։
«Նկարիչի դիտակով» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը վեց ամիս պիտի տեւէ. առաջին «նայուածքը» վերապահուած էր Էտուարտ Սագայեանին, որու գործերը այնպիսի ձեւով համադրուած են թանգարանի սրահներէն ներս, որ կ՛օգնեն հանդիսատեսին անդրադառնալու նկարիչի մտածումներուն, իր գործերուն մէջ գերիշխող մարդկային տիպարներուն, ժամանակի ընթացքին իր գործին մէջ կատարուած բարեփոխումներուն, որոնք կը վերաբերին ընտրուած նիւթերուն եւ ներկայացուած ձեւերուն:
Աթէնքի կեդրոնին մէջ զետեղուած թանգարանի դասական շէնքի չորս յարկերուն վրայ ընդարձակուած է նկարիչի գործերուն ցուցադրութիւնը:
Էտուարտ Սագայեան ծնած է Թեսաղոնիկէ, 1957ին: Ան իր ուսումը կատարելագործած է հանրայայտ յոյն նկարիչներ Մորալիսի եւ Միթարասի կողքին, ԱՍՔԹի եւ Փարիզի «Քրեմոնինի» մէջ: Իր գործերը միշտ յատկանշուած են մարդկային տիպարներու ներկայութեամբ, նոյնիսկ երբ ստեղծագործութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ լուսանցքի մէջ ձգած է մարդ անհատը:
Նշենք, որ շէնքի չորրորդ յարկին վրայ կարելի է տեսնել նաեւ գործերը այլ նկարիչներու, որոնց ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը մեծ դեր խաղացած է Էտուարտ Սագայեանի արուեստագիտական կազմաւորման մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.