ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նոյեմբեր 8ին կազմակերպուած իր տարեկան ճաշկերոյթին, Արեւմտեան ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը Ազատութեան մրցանակով պատուեց նախկին կառավարիչ, ներկայիս՝ կառավարիչի թեկնածու՝ Քալիֆորնիոյ Ընդհանուր դատախազ Ճերի Պրաունը, «Տարուան օրէնսդիրները» անուանեց Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Մարք Մայլանտը եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավարի օգնական եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի թեկնածու՝ Փօլ Գրիգորեանը, ինչպէս նաեւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր Յարութ Սասունեանը պատուեց «Աւանդ»ի մրցանակով։ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Անթոնի Փրոթանթինոն օրուան արարողապետն էր։ Աւելի քան եօթհարիւր հրաւիրեալներ ներկայ եղան այդ իրադարձութեան, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ։
Պատուուած անձնաւորութիւնները յատուկ դրուատանքի արժանացան Քոնկրէսի անդամներէ, նահանգային ծերակուտականներէ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդէն։ Քոնկրէսական Պրատ Շըրման Յարութ Սասունեանին նուիրեց դրօշակ մը, որ ծածանած էր Միացեալ նահանգներու Քոնկրէսի շէնքին վրայ։ Հայ դատի յանձնախումբին հասած շնորհաւորական բազմաթիւ նամակներէն մէկը ղրկուած էր Պրն. Քըրք Գրիգորեանին կողմէ. «Ես Յարութը կը ճանչնամ երկար տարիներէ ի վեր, եւ հպարտ եմ այն բարի գործով, զորս ան կատարած է Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքներուն համար։ Կը շնորհաւորեմ Հայ դատի յանձնախումբը զինք պատուելուն համար», նշած էր ան։
Սոյն յօդուածագիրը ծանօթացնելու ատեն, Հայ դատի յանձնախումբի վարիչ կազմի անդամ Փաթիլ Ափոշեան-Գասպարեան նշեց.
«Ի՞նչ բանն է Յարութ Սասունեանի մէջ, որ տարբեր խաւերու պատկանող այդքան մեծ թիւով համակիրները կը մղէ, որ հետեւին իր գրիչին։ «Գործի»չ կամ «տեսլական ունեցող» նկարագրութիւնները բաւարար չեն բացատրելու այդ երեւոյթը։ «Անխոնջ ղեկավար» եւ «նուիրուած ուսուցիչ ամերիկահայ սերունդներու» նկարագրութիւնները կը սկսին մակերեսը պարզել պարզապէս։ Յարութին գրաւչութիւնը կը կայանայ իր բուռն փափաքին մէջ, որ ուղղակիօրէն կը սնանի իր յանդգնութենէն, խանդավառութենէն եւ վճռակամութենէն։
«Յարութ մեծապէս յարգուած անուն մըն է մեծաթիւ շրջանակներու մէջ։ Ան նպաստած է մեր ժամանակներու քաղաքական պաստառի սահմանումին, ջատագոված է խօսքի ազատութիւնը ինչպէս նաեւ արդարութեան համար պայքար մղած՝ տեղական, ազգային եւ միջազգային գետիններու վրայ։ Իր հետեւողականութիւնը ազգային (ամերիկեան) մամուլի ուշադրութեան առարկան դարձած է եւ մեղմօրէն բացած բարեկարգումներու դռները ։
«Անոր առաջին գլխաւոր գործունէութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ ՄԱԿի մէջ 1970ականներուն։ Այդ օրուընէ ի վեր Յարութ ծառայած է իբրեւ անվերջ բարոյական ձայն մը՝ որպէս գրող, հրատարակող, բանբեր, համայնքային գործիչ եւ ղեկավար։
«Իր յօդուածներուն միջոցաւ, Յարութ առաջիններէն է, որ հարցի մը ախտաճանաչումը կը կատարէ եւ դեղագիրը կը գրէ։ Անհամար օրինակներ կրնանք յիշել. «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի եւ անոր վարիչ խմբագիր Տակլըս Ֆրանցի դէմ շղթայազերծուած քարոզարշաւը, լոպիինկի աշխատանքը ընդդէմ «Թայմ» ամսաթերթին՝ թրքական ուրացումի գովազդային տեսապնակ մը (DVD) որպէս ներդիր տարածելուն համար, դեսպան Էվընզի պաշտօնազարկումէն ետք՝ դեսպան Հոկլանտի թեկնածութիւնը խափանելը, Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան ուրացման դէմ նամակարշաւը, ինչպէս նաեւ Հայկական ցեղասպանութիւնը ուրացողներու հետ կլոր սեղան մը կազմակերպելու «Փի.Պի.Էս.» կայաններուն ծրագիրին դէմ կենալը։ Եւ շարքը կը շարունակուի՝ լեցնելու համար ամբողջ երեսուն տարուան գործունէութիւնը»։
Մրցանակը ընդունելով, ես հետեւեալ նշումները ըրի.
«Հայկական դատին ի խնդիր մեր հաւաքական ջանքերը ծնունդ կ՛առնեն այն ողբերգական իրականութենէն թէ՝ սոսկալի անարդարութիւն մը գործուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ աւելի քան իննսուն տարի առաջ։
«Ցեղասպանութիւնը եւ մեր հայրենիքի կորուստը տասնամեակներ աննկատ մնացին միջազգային համայնքին կողմէ, մինչեւ որ մեր ժողովուրդը՝ քաղաքական կուսակցութիւններուն առաջնորդութեամբ, բարձրացաւ բնաջնջումի եւ պարտութեան մոխիրներէն եւ պայքարեցաւ վերատիրանալու համար իր իրաւունքներուն։ Իբրեւ արդիւնք՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած իրադարձութիւն մըն է, եւ ոչ թէ մոռցուած պատմութիւն մը։
«Այդու հանդերձ այսօրուան Թուրքիոյ կառավարութիւնը, իրաւայաջորդը՝ ցեղասպանագործ վարչակարգին, կը շարունակէ ուրանալ այդ զանգուածային ոճիրը՝ մինչեւ օրս օգտուելով մեզմէ կողոպտուած կալուածներէն եւ ունեցուածքներէն։
«Այս անարդարութիւնը կարելի չէ, եւ պէտք չէ՛ որ շարունակուի։ Մենք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ պէտք է ընենք արդարութիւնը վերականգնելու համար։ Մենք կը պահանջենք, որ գողցուած կալուածները եւ գրաւուած հողերը վերադարձուին իրենց արդար տէրերուն՝ հայ ազգին։
«Այս կոթողային գործը իրականացնելու համար մենք պէտք ունինք իւրաքանչիւր հայու մասնակցութեան ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողմնակից են։
«Ինչպէս ականատես եղանք վերջին ամիսներուն, Հայաստանի ղեկավարները միջազգային հսկայական ճնշումի տակ կր գտնուին մեծ զիջումներ կատարելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։ Հայաստան շատ փոքր է եւ շատ տկար՝ առանձինն այդքան մեծ ճնշումներու դէմ տոկալ կարենալու համար։ Միւս կողմէ սակայն, սփիւռքահայութիւնը նմանօրինակ հարկադրանքներու տակ չեն գտնուիր։
«Բոլորիս անկ է օգնական ձեռք երկարել՝ Հայաստանի վրայ եղած ճնշումը նուազեցնելու համար։ Բոլոր երկիրներու, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի մէջ գտնուող հայերը պէտք է լոպիինկի աշխատանք տանին իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն մօտ, դէմ դնելու համար անոնց՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցուցաբերած անարդար եւ միակողմանի նեցուկին։
«Մենք այդ ճիգը պէտք է ընենք անկախ անկէ թէ մեր օժանդակութիւնը կը խնդրուի՞, կամ նոյնիսկ կը գնահատուի՞, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կամ ոչ։
«Անշուշտ մեր լոպիինկի աշխատանքները շատ աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլան եթէ կատարուին համագործակցական եւ համակարգուած ձեւով թէ՛ Սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ։
«Մենք նաեւ պէտք չէ զլանանք որեւէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական օժանդակութիւն հայրենիքի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին, Հայաստանի ղեկավարութեան հետ մեր ունեցած անհամաձայնութիւններուն պատճառով։
«Վարչակարգեր եւ ղեկավարներ կու գան ու կ՛երթան, բայց ազգը յաւիտենական է։
«Եկէ՛ք արթուն, գործունեայ եւ միացած մնանք մեր նպատակին մէջ։ Եկէ՛ք կրենք մեր Դատին ջահը, մինչեւ որ արդարութիւնը վերականգնուի մեր բազմաչարչար ժողովուրդին համար»։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր