ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ, «Նիուզ».- Ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ ԱՄՆ պետական բաժանմունքը դադրեցուցած է Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին վրայ Մեթիւ Պրայզայի թեկնածութիւնը հաստատելու ընթացակարգը: Յիշեցնենք, որ լրատուամիջոցները ամիսներ շարունակ կը հաղորդէին, որ Պրայզա պիտի նշանակուի Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆի դեսպան, որուն համար ինք՝ Պրայզա, նշած էր թէ Հարաւային Կովկասը հարազատ է իրեն եւ ինք գոհ պիտի ըլլայ այնտեղ աշխատելէն:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը մօտ 4 ամիսէ ի վեր թափուր է: