ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ Ազգային ժողովի շրջանառութեան մէջ դրած Հողային օրէնսգրքին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններուն նախագծին՝ կ՛առաջարկուի օտարերկրեայ կազմակերպութիւններուն արգիլել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հող գնել եւ հողի սեփականութեան իրաւունք ձեռք բերել:
Խորհրդարանի Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի՝ խմբակցութեան պատգամաւորներ Ռուզան Առաքելեանի եւ Արա Նռանեանի հեղինակած օրինագիծը կը նախատեսէ լրացում կատարել Հողային օրէնսգրքին մէջ՝ ամրագրելով, որ «միջազգային կազմակերպութիւնները, օտարերկրեայ իրաւաբանական անձինք, նաեւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւնները ներկայացնող Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւաբանական անձինք՝ սահմանից մինչեւ 25 քիլոմեթր խորութեամբ ընկած շրջաններում, կարող են ունենալ սեփականութեան իրաւունք միայն Հայասանի կառավարութեան որոշմամբ եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայնութեան դէպքում»:
Հիմնաւորելով իր խօսքը՝ Ռուզան Առաքելեանը յայտնած է, թէ «այստեղ միայն թուրքերի եւ Թուրքիայի խնդիր չէ: Ընդհանրապէս՝ երկրի անվտանգութեան խնդիր է: Քո երկիրը պաշտպանուած է հէնց սահմանամերձ տարածքով, իսկ մեր սահմանամերձ տարածքը ցանկացած պահի կարող է վտանգուել»:
Նախագծին հեղինակները կը վկայակոչեն Իրանի եւ Թուրքիոյ փորձը, ուր որոշ դէպքերու՝ անվտանգութեան նկատառումներով՝ սահմանափակուած է ոչ միայն հողի, այլեւ անշարժ գոյքի նկատմամբ օտարերկրացիներուն սեփականութեան իրաւունքը:
«Թուրքիայում կան ռազմավարական նշանակութեան յատուկ գօտիներ, որտեղ ընդհանրապէս սահմանափակումներ կան ոչ միայն օտարերկրեայ կազմակերպութիւնների համար, այլ նաեւ Թուրքիայի քաղաքացիների համար», պարզաբանած է Արա Նռանեան:
Նշենք, որ թէ՛ Հայաստանի սահմանադրութիւնը, թէ՛ Հողային օրէնսգիրքը կ՛արգիլեն հողի նկատմամբ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն սեփականութեան իրաւունքը, սակայն օտարերկրեայ կազմակերպութիւններուն կապակցութեամբ որեւէ սահմանափակում չկայ:
Օրինագծին վերաբերեալ կառավարութեան եզրակացութիւնը՝ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անցեալ շաբաթ ուղարկած է Ազգային ժողովի նախագահին՝ ընդունելի որակելով նախագծին ընդհանուր գաղափարը:
Վարչապետը միաժամանակ ընդ-գծած է, որ ամրագրուած լուծումները կարիք ունին որոշակի վերանայման:
Անհրաժեշտ է նշել, որ կառավարութեան նկատառումներուն մէջ նախատեսուած են աւելի խիստ սահմանափակումներ, օրինակ, անվտանգութեան նկատառումներով կ՛առաջարկուի սահմանափակել ոչ միայն հողի, այլեւ բնակելի տարածքներու եւ այլ շինութիւններու նկատմամբ գոյքային իրաւունքները: Նշելով, որ այժմ համալիր կերպով կ՛ուսումնասիրուի յատկապէս Թուրքիոյ օրէնսդրութիւնը՝ կառավարութիւնը նպատակայարմար կը համարէ պարզապէս ժամանակաւորապէս դադրեցնել օտարերկրացիներուն կողմէ անշարժ գոյքի ձեռքբերումը Հայաստանի տարածքին մէջ կամ, բացառիկ պարագաներու, վերապահել կառավարութեան թոյլտուութիւն տալու իրաւասութիւնը:
Գործադիրը նաեւ ընդգծած է, որ սահմանափակումները պէտք է ըլլան յստակ, եւ որ փոփոխութիւններ կ՛ենթադրէ ոչ միայն Հողային, այլեւ Քրէական ու Քաղաքացիական օրէնսգիրքը:
Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովին հաւանութեան արժանանալու պարագային՝ Դաշնակցութեան խմբակցութեան առաջարկած փոփոխութիւններուն նախագիծը պիտի ընդգկրուի Ազգային ժողովի յառաջիկայ քառօրեաներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.