ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Էն.Էս. Փրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին յայտարարած է. «Մենք կը փափաքինք ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծել խաղաղ ճանապարհով, որովհետեւ մենք պատերազմ չենք ուզեր, սակայն այդ՝ խաղաղ ճանապարհով ցարդ չէ իրականացած»։
Ալիեւ ըսած է, որ այս տարուան ընթացքին «7-8 անգամ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են։ Կայ որոշ յառաջդիմութիւն, սակայն մենք չենք հասած հարցին արմատական լուծման»։
Ըստ անոր, միջազգային կազմակերպութիւնները ընդունած են անհրաժեշտ որոշումներ եւ բանաձեւեր, սակայն անոնք չեն իրականացուիր եւ այդ բանաձեւերը անիմաստ կը դառնան։
Ալիեւ դարձեալ խօսած է բանակին յատկացուող հսկայական գումարներու մասին։ «Բանակի ձեւաւորման համար մեծ միջոցներ կը ներդրուին։ Մեր բանակը աւելի ուժեղ կը դառնայ։ Մենք բանակցութիւններ կը վարենք, սակայն ատոր հետ միատեղ պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ պահու ռազմական ճանապարհով ազատագրելու մեր հողերը», նշած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճան կասկած չունի, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ի նպաստ իրեն պիտի լուծուի։ Ան ըսած է. «Անձնապէս կասկած չունիմ, որ ատրպէյճանական հողամասերը պիտի վերադարձուին։ Հիմնական հարցը այն է, թէ ինչ ձեւով ատիկա տեղի պիտի ունենայ, խաղա՞ղ, թէ ռազմական ճանապարհով։ Մեր հողամասերը գրաւուեցան օտարներու օժանդակութեամբ։ Այսօր Ատրպէյճան հզօր պետութիւն է եւ բռնագրաւումի կացութիւնը կրնայ վերցուիլ կա՛մ խաղաղ, կա՛մ ռազմական ճանապարհով։ Այս գործընթացին մէջ չենք կրնար տնտնալ»։
Ալիեւ նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի հովանաւորութեամբ բանակցութիւններուն մէջ բաւարար յառաջդիմութեան չգոյութեան հանդէպ։ «Կը կարծենք, թէ դեռ յոյս կայ, սակայն նոյն ատեն կը տեսնենք, թէ հայկական կողմը ձգձգումի մարտավարութիւնը ընտրած է։ Սակայն ձգձգումով անոնք ոչինչ կը շահին։ Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է եւ իսկութեան մէջ 1.7 միլիոն մարդ կը բնակին այդտեղ։ Ժամանակի ընթացքին, մինչ Ատրպէյճանի կարողութիւնն ու հզօրութիւնը կ՛աւելնան եւ ժողովրդագրական կացութիւնը կը բարելաւուի, անոնք անկարող պիտի ըլլան քայլ պահելու մեզի հետ։ Մեր բնակչութեան թիւը արդէն իսկ հասած է 9 միլիոնի եւ 5-6 տարի ետք ան պիտի հաւասարի 10 միլիոնի։ Այսօր մեր տնտեսութիւնը 7 անգամով կը գերազանցէ հայկականը եւ յառաջիկայ քանի մը տարուան ընթացքին ան 13-15 անգամով պիտի գերազանցէ զայն։ Հայաստան բոլոր տեսակի շրջանային ծրագիրներէն մեկուսացած է։ Կարելի է ըսել, թէ բոլոր դրացիներուն հետ անոր սահմանները փակ են բացի մէկ սահմանէ։ Այսպիսի կացութեան մը մէջ ինքնին այդ երկրին գոյութիւնը հարցականի տակ է։ Եթէ կարգ մը երկիրներ եւ կարգ մը ելեւմտական հիմնարկներ Հայաստանին այս տարի նիւթական օժանդակութիւն չտային, ան պիտի կործանէր»։
Ըստ Ալիեւի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գտնուող վիհը աւելի եւս պիտի խորանայ։ «Այս բոլոր ազդակները վերլուծելէ ետք, դեռ բանակցութիւններու ճանապարհը կ՛ընտրենք։ Պիտի շարունակենք քաղաքական, տնտեսական եւ բոլոր տեսակի ճնշումներ բանեցնել։ Ատիկա պէտք է կատարենք մեր փափաքին հասնելու համար։ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան վերականգնումը կ՛ուզենք։ Թէեւ այսօրուան Հայաստանը իսկապէս ատրպէյճանական հողերու վրայ ստեղծուած էր, մենք այլ երկիրի մը հողերուն վրայ աչք չունինք։ Մենք երկիրներու հողային ամբողջականութեան սկզբունքը կը պաշտպանենք։ Վստահ եմ, թէ մեր փափաքին պիտի տիրանանք։ Սակայն կ՛ուզենք, որ ատիկա աւելի արագ իրականանայ։ Կ՛աշխատիմ եւ պիտի աշխատիմ ատոր համար»։