ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր կոչ կ՛ուղղէ Եւրոմիութեան՝ ընդգրկելու Լեռնային Ղարաբաղը իր քաղաքական եւ տնտեսական օրակարգի մէջ:
«Ազգ» թերթի մէջ լոյս տեսած ՀԲԸՄի յայտարարութիւնը կ՛ըսէ.
«Ժամանակն է, որ Եւրոմիութիւնը հետաքրքրուի Ղարաբաղի հարցով, օժանդակի նրա զարգացմանը: Այսօր ԼՂՀն տարածաշրջանի միակ մասնակիցն է, որտեղ չի եղել Հարաւային Կովկասում Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Պիտեր Սեմնեբին: Մինչդեռ 1994ից Ղարաբաղը անկախ հանրապետութիւն է, բայց այսօր էլ առկայ է պատերազմի վտանգը: Եւրոմիութիւնը պէտք է տեղում դիտորդներ ուղարկի՝ համոզելու ադրբեջանական կողմին, որ նա ուժ չգործադրի: Փոքրիկ հանրապետութիւնը, լինելով դիւանագիտօրէն եւ աշխարհագրական առումով մեկուսացուած, հնարաւորութիւն ունի միայն Հայաստանի հետ զարգացնելու առեւտուր: Այս բնագաւառում եւս Եւրոմիութիւնը պէտք է մշակի տնտեսական զարգացման քաղաքականութիւն, ինչպէս վարուել է համանման դէպքերում:
Միջազգային հանրութիւնը յատուկ վերաբերմունք ունի Ղարաբաղի նկատմամբ: Կան այլ պետութիւններ, որոնք օգտւում են խաղաղութեան հաստատումից, մասնակցում են տարբեր միջազգային ծրագրերի, եւ իրենց բնակչութիւնը վայելում է արտաքին շփումները, որը Ղարաբաղի դէպքը չէ»:
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը էապէս ազգային կառոյց մըն է եւ անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն մեծ եւ ամէնէն գործունեայ կազմակերպութիւններէն մէկը, որուն շնորհակալ ու հսկայական գործունէութիւնը արժանի է բարձրագոյն գնահատանքի:
Ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ այս յայտարարութիւնն ալ բնական դրսեւորում մըն է՝ ՀԲԸՄի ազգային դիմագիծին շատ յարիր:
Այսօրինակ կոչի մը հրապարակումը միշտ ալ կարելի է այժմէական ու օգտակար նկատել: Եւրոմիութեան մարդկային սկզբունքներուն դիմելու վարքագիծն ալ խիստ համահունչ է ՀԲԸՄի առաքելութեան: Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով, որ ՀԲԸՄը քաղաքական յայտարարութիւններ կատարելու սովորութիւն չունի, այս կոչի հրապարակման պահը յատկանշական կը գտնենք:
Արդարեւ, հայ-թրքական Արձանագրութիւններու վերաբերեալ ՀԲԸՄի ղեկավար խաւի որդեգրած կեցուածքի լոյսի տակ, այս կոչը կարծես կ՛ուզէր հանգստացնել ՀԲԸՄական շարքերը, որ կազմակերպութիւնը կը մնայ ազգային դիմագիծին հարազատ:
Մեր կարծիքով շարքային ՀԲԸՄականի մէջ կրնար անհանգստութիւն ծագած ըլլալ իր ղեկավարութեան բռնած դիրքի վերաբերեալ՝ հայ-թրքական Արձանագրութեանց հանդէպ: Այդ դիրքը խիստ խոցելի նկատելու ամէն հիմք ունի ՀԲԸՄականը եւ վստահ ենք, որ բազմաթիւ ՀԲԸՄականներ իրենց ղեկավարութենէն պահանջած են բացատրութիւն՝ թէ ինչու իրենց կազմակերպութիւնը ջատագով հանդիսացաւ Ցեղասպանութիւնը կասկածի ենթարկող արձանագրութիւններուն:
Այս կոչը, ինչ շարժառիթով ալ հրապարակուած ըլլայ, գնահատելի կը մնայ, սակայն դժուար թէ ան կարենայ արձանագրութիւններու հարցով անհանգստացողներու խռովքը մեղմացնել: