ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Նոյեմբերի 4ին, Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ դահլիճային լողի երրորդ շրջանի մրցումները, աշխարհի 25 երկիրներէ 140 լողորդներու մասնակցութեամբ:
Իրանի 6 հոգինոց հաւաքականին մաս կը կազմեցին իրանահայ մարզիկներ՝ Էմին Նովշադի եւ Գամեր Դիլանչեան:
Իրանի հաւաքականը 4×100 մեթր ազատ ոճի մրցումին մէջ տիրացաւ արծաթէ մետալին: 100 մեդր «պաթրֆլայ» ոճին մէջ Էմին Նովշադի 57 հարիւրերորդական երկվայրկեանով թարմացուց Իրանի նախկին մրցանիշը:
Իրանցի լողորդները յաջողած են շահիլ երկու ոսկիէ, մէկ արծաթէ եւ մէկ պրոնզէ մետալներ եւ երկրի մրցանշային առումով 17 նոր մրցանիշեր արձանագրել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.