ՏԻԹՐՈՅԻԹ, «Հայրենիք».- Տիթրոյիթի «Կոպեռնիկ Թանտրճեան» ՀԵԴի երէց անդամներ՝ Անոյշ Մարտիկեան (Ատամնաբուժութեան ուսանող), Շանթ Տէմիրճեան (հոգեբուժութեան ուսանող), Ճէքի Չոփճեան (առեւտրական ճիւղի ուսանող) եւ Առաքել Չոփճեան (վկայեալ մասնագէտ թանկագին քարերու եւ ոսկերիչ) եւ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի այլ նահանգներէն՝ երեք ՀԵԴի անդամներ, շուրջ երկու ամիս Յունիս 27էն մինչեւ Օգոստոս 23, 2009 այցելեցին Հայաստան, Արա Իշխանեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենի հողին վրայ: ՀԵԴի Հայաստան Աշխատանքային ամառնային ծրագրին որպէս մասնակիցներ, տարիներէ ի վեր ՀԵԴի գլխաւոր միջոցառումը հանդիսացած է, սփիւռքահայ համալսարանական ուսանող-ուսանողուհիներու հայրենի հողին վրայ աշխատանքային փորձառութիւն ձեռք ձգելու առաջադրանքը: Անոնք ընկերային ու մասնագիտական բազմազան գործունէութիւններու մասնակցելով եւ հայրենաբնակ իրենց հասակակիցներուն հետ շփում հաստատելով, զանոնք աւելի մօտէն ճանչնալու եւ փոխադարձ յարաբերութիւններ մշակելու հնարաւորութիւնը ունեցան : ՀԵԴի «Հայրենիք» Աշխատանքային ծրագրի մասնակիցները, իրենց կեցութեան տեւողութեան Երեւանի մէջ կանխաւ ապահովուած յարկաբաժիններու մէջ մնացին:
Երկու ամիսներու ընթացքին համալսարանական երիտասարդ անդամները Երեւանի մէջ աշխատեցան, ըստ իրենց վիճակուած աշխատանքին: Իր աշխատանքային եւ ընկերային փորձառութիւններուն կողքին, այս փաղանգը դաստիարակչական եւ մշակութային բնոյթով բազմաթիւ յայտագիրներու մասնակցած է, որոնց կարգին հայերէն լեզուի, պատմութեան եւ այլ դասընթացքներու: Անոնք այցելած են Հայաստանի, Արցախի զանազան պատմական յուշարձանները, մօտէն ընտելանալով հայ մշակոյթի ժառանգութիւններուն:
Տիթրոյիթի «Հայրենիք»ի թղթակից Անդրանիկ Գարատօլեան, հանդիպում-հարցազրոյց մը ունեցաւ այս երիտասարդներուն հետ: Անոնք դրական կերպով արտայայտուեցան իրենց պապենական հողին վրայ ձեռք ձգած փորձառութեան եւ զգացումներուն մասին.
Անոյշ Մարտիկեան.
«Շատ կը փափաքէի Հայրենիք այցելել եւ մօտէն ծանօթանալ հայրենի մեր ժողովուրդին ընկերային, տնտեսական եւ այլ պայմաններուն: Այս տարի, շնորհիւ ՀԵԴի մասնակցեցայ «Հայրենիք» աշխատանքային ծրագրին: Հոն կեցութեանս ժամանակ, շուրջ երկու ամիսներու ընթացքին հնարաւորութիւնը ունեցանք հայրենաբնակ եւ Արցախաբնակ մեր քոյրերը եւ եղբայրները մօտէն ճանչնալու եւ փոխադարձ յարաբերութիւններ մշակելու անոնց հետ։ Վերադարձէս ետք՝ շնորհիւ ելեկտրանամակի ընձեռած դիւրութիւններուն, մեր կապը մինչեւ օրս կը շարունակենք :
«Երեւան կեցութեանս ընթացքին աշխատանքային ծրագրով «Երեւանի Ամերիկեան համալսարան»ին մէջ անգլերէն լեզու դասաւանդեցի 10-13 տարեկան հայ փոքրիկներուն: Աշակերտները ուշիմ ու խելացի էին, անգլերէն լեզուով իրենց գրութիւններու ուղղագրութիւնը գրեթէ անսխալ կը կատարէին, սակայն իրենց մօտ կը պակսի գործնականօրէն արտայայտուելու կարելիութիւնը, որ կը կարօտի ժամանակի եւ փորձառութեան:
«Շուրջ ամիս մը եղաւ, որ հայրենիքէն վերադարձած եմ, սակայն ցարդ հայրենիքի մէջ անցուցած օրերս եւ յատկապէս աշակերտներուս հետ ունեցած պահերս զիս աւելի եւս ամրապնդեցին իմ արմատներուս։ Շատ ուրախ եմ հայ ծնելուս համար, որովհետեւ Հայ ժողովուրդը աշխատունակ, շինարար ու հանճարեղ ազգ մըն է»:
Շանթ Տէմիրճեան.
«Հայաստան կեցութեանս օրերուն ինծի վիճակուեցաւ աշխատիլ «օթիսթիք» (ներամփոփուած. autistic-Խմբ.) երախաներու հետ։ Այդ աշխատանքը առընչութիւն ունի հոգեբանական ասպարէզին հետ: Որոշած եմ յառաջիկայ տարի կրկին երթալ Հայրենիք եւ աշխատիլ այդպիսի երախաներու հետ:
«Ամբողջ կեանքս ապրած եմ Միացեալ Նահանգներ, որպէս հայորդի բնականաբար միշտ ալ մօտիկ զգացած եմ այն ամէն ինչին, որ հայկական է, եւ այն ինչ որ նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի մէջ հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կարդացած էի Հայաստանի եւ Արցախի մասին՝ անոնց նկատմամբ ունեցած մտապատկերս ինքնին գրեթէ կախարդական էր:
«Միշտ մտքովս ես ինծի հարց տուած էի, թէ ինչո՞ւ մեր նախահայրերը իրենց հայրենիք ընտրած էին Հայաստան կոչուած լեռնաշխարհը, եւ թէ ինչո՞ւ մեր հայրենաբնակ եւ սփիւռքաբնակ ժողովուրդը այդքան կարեւորութիւն կու տայ Արարատ լերան, որ հայ ժողովուրդին խորհրդանիշն է:
«Միակ բանը որ կ՛ուզեմ ըսել, շատ ուրախ եմ, որ ինծի պատեհութիւն տրուեցաւ մասնակցութիւնս բերելու ՀԵԴի Հայաստան աշխատանքային ծրագրին:
«Այնպէս կը թուի ինծի, թէ հայրենիք կեցութեանս ամէն մէկ օրը ինծի պարգեւ մըն է»:
Իրենց ընդհանուր տպաւորութիւնները արտայայտելով, երիտասարդականները կ՛ըսեն. «ՀԵԴի երիտասարդական Հայաստանի աշխատանքային ծրագիրը իսկապէս լաւագոյն կերպով կազմակերպուած էր, թէ՛ իր աշխատանքային եւ թէ՛ դաստիարակչական ծրագրով: Հոն մեր կեցութեան օրերուն, պատեհութիւնը ունեցանք այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական յուշարձանները, մօտէն ընտելացանք մեր պապերու մտքի ու հոգիի ստեղծագործութիւններուն եւ աւելի եւս մօտեցանք մեր արմատներուն:
«Գիւմրի այցելութեան առթիւ, բացառիկ պատեհութիւնը ունեցանք անցնելու սահմանապահ ոյժերէն անդին՝ հեռուէն հեռադիտակով դիտելու Բագրատունեաց հրաշալի մայրաքաղաք Անիի հազար ու մէկ եկեղեցիներէն տակաւին կիսաքանդ մնացած սքանչելի կառոյցները: Կոչ կ՛ուղղենք Տիթրոյիթի ՀԵԴի մեր ընկեր-ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ Տիթրոյիթաբնակ մեր բոլոր երիտասարդ բարեկամներուն, երթալ Հայաստան եւ մօտէն շփում ունենալ հայրենաբնակ եւ արցախաբնակ մեր ժողովուրդին, անոնց ընկերային, տնտեսական, մշակութային բնագաւառներուն հետ: Վստահ ենք որ անպայման անոնք եւս, աւելի եւս հայացած պիտի վերադառնան»: