ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19ին, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա գերաստիճանին արդիւնքները ամփոփող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի մերձեցնեն իրենց դիրքորոշումները Անդրկովկասի վերաբերմամբ, շրջանը աւելի կայուն դարձնելու համար։
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ «Անդրկովկասի մէջ մեր դիրքորոշումները չեն համընկնիր. ատիկա պէտք է բացայայտ ընդունինք։ Սակայն ասիկա դեռ առիթ չէ իրավիճակը ողբերգական նկատելու համար»։
Ըստ Մետվետեւի, Մոսկուա մտադիր է փոխզիջման որոնման ոգիով բանակցութիւններ վարել «բարդ նիւթերու» շուրջ։
Ռուսիոյ նախագահի կարծիքով, գոյութիւն ունին նաեւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութեան լաւ օրինակներ։ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը այդ օրինակներէն մէկն է: Հոն կը նկատուին դրական տեղաշարժեր։ Ասիկա օրինակ մըն է, թէ ինչպէս մենք կրնանք, կամ կրնայինք համագործակցիլ, եթէ նախորդ տարի չըլլար ծանօթ յարձակումը (Հարաւային Օսէթիոյ դէմ վրացական յարձակումը)», նշած է Մետվետեւ։