ՖՐԵԶՆՕ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30ին, Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի մուտքին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, քաղաքապետ Էշլի Սուէրինկըն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Անտրէաս Պորկէաս պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ եւ Հայաստանի Էջմիածին քաղաքները այսուհետեւ քոյր քաղաքներ են:
Մամլոյ ասուլիսին հրաւիրուած էին շրջանին մէջ գործող հայկական աւելի քան 20 մշակութային, կրօնական, ընկերային ու քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Քաղաքապետը դրուատեց Ֆրէզնոյի հայկական համայնքին ունեցած շինիչ ներդրումը քաղաքին ու ամբողջ Սան Ուաքին հովիտի պատմութեան մէջ եւ աւելեցուց, թէ հպարտ է, որ Էջմիածինը եւս կը միանանայ «քաղաքին քոյրերուն»:
Պաշտօնական համաձայնութիւնը ստորագրուած էր Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Էշլի Սուէրինկընի ու Էջմիածինի պաշտօնակից՝ Կարէն Գրիգորեանի կողմէ:
Յայտնենք, թէ այս նպատակը իրականացնելու համար ստեղծուած յանձնախումբին անդամներն են՝ Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Անտրէաս Պորկէաս, Աննա Պորկէաս, Նշան Տէր Գալուստեան, Մէրի Ալիս Տէր Գալուստեան, Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Էլըն Ճէնտեան, Չարլզ Կարապետեան, Եղիկ Քէշիշեան, Հայկօ Օհաննէսեան, Սեւակ Թադէոսեան եւ Ֆիլիփ Թաւլեան: