ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ծովածոցի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Սան Հոզէի մէջ կայացած բարձր արհեստագիտութեան հայկական խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներ այցելած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին հանդիպում մը ունեցած է Ծովածոցի մէջ գործոց հայկական վեց կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ներկայ էին Ծովածոցի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՅԴի, «Համազգային»ի, ՀՄԸՄի, Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական ազգային վարժարանի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի աւագ դեսպանը:
Հանդիպման ընթացքին համայնքի ներկայացուցիչները նախ տեղեկութիւններ տուին գաղութին կազմաւորման ու անոր գործունէութեան մասին, որմէ ետք անոնք իրենց մտահոգութիւնները փոխանցեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն կապակցութեամբ, կոչ ընելով, որ արձանագրութիւնները չվաւերացուին: Անոնք շեշտեցին, թէ արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած նախապայմանները վնաս կը հասցնեն հայութեան շահերուն:
Սակայն, վարչապետը պաշտպանեց արձանագրութիւնները, պնդելով, որ անոնք նպաստաւոր պիտի ըլլան Հայաստանի համար եւ աւելցնելով, թէ Թուրքիա իր ազատ կամքով պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ան արձանագրութիւնները ներկայացուց իբրեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ «նոր իրականութիւն» մը:
Իրենց կարգին, Ծովածոցի հայութեան ներկայացուցիչները շեշտեցին, թէ անբաւարար կը համարեն Հայաստանի իշխանութեանց տուած բացատրութիւնները, կրկնելով, թէ արձանագրութիւններուն հետեւանքով հայութիւնը պիտի տուժէ: