ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Վերամուտէն անմիջապէս ետք, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանէն ներս հաճելի աւանդութիւն մը դարձած է, ամբողջ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Մանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգի աշակերտները տեսնել բեմին վրայ, հայ մշակոյթին նուիրուած հանդէսին ներկայացնելիք իրենց պատրաստական փորձերու ընթացքին։
Առաջնորդութեամբ եւ կազմակերպութեամբ հայերէն դասաւանդող ուսուցչուհիներուն, մեր այս տարուան հայ մշակոյթին նուիրուած երեկոն տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30ին դպրոցիս սրահին մէջ, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի, տնօրէնութեան, ծնողներու, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն։
Բեմը յարդարուած էր մեր արուեստի ուսուցիչին գծագրութիւններով, որոնք դիմանկարներն էին օտար հայագէտներ՝ Լորտ Պրայսի, Հէնրիխ Հիւպշմանի եւ Անաթոլ Ֆրանսի։ Բացման խօսքը ըրաւ Լիզա Մանոյեան, որ անդրադարձաւ հայերէն լեզուի եւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, մէջբերումներ ընելով վերոյիշեալ հայագէտներու հաստատումներէն՝ «Հայ ազգը կ՛ապրի իր լեզուով. ո՞ւր է հզօր Հռոմը», «Ո՜վ հայերէն, լեզուներուն ամէնէն գեղեցիկն ես. որովհետեւ գիտեմ քեզ», եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք գիտակից են յաջորդ սերունդին հայապահպանման կարեւորութեան ու կը սատարեն այդ աշխատանքին՝ համախմբուելով հայկական վարժարանին շուրջ։
Մանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգի աշակերտները ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր հայ մշակոյթի այլազան մարզերը։ Մանկապարտէզէն մինչեւ Գ. կարգերու աշակերտները արտասանեցին ու երգեցին. Դ. կարգի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը մարմնացուցած էր մեր պատմութեան եւ գրականութեան դէմքերէն մէկը. անոնք բեմ բարձրացան Է. եւ Ը. կարգերու կարգ մը աշակերտներուն արտասանած՝ Յ. Թումանեանի «Հայոց Լեռներում» ոտանաւորին ընթացքին։ Ե. կարգի աշակերտները խանդավառեցին մթնոլորտը իրենց «Թամզարա» պարով, իսկ Զ. կարգի աշակերտները բեմականացուցին Ա. Իսահակեանի «Ամէնէն Պիտանի Բանը» թատրոնը, որուն պատգամը այն էր, որ մարդկութեան համար ամենէն պիտանին գիտութիւնն է։ Յայտագրի աւարտին Է. եւ Ը. կարգերէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» ոտանաւորէն բաժիններ։
Տնօրէն Շահէ Մանկրեան, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն, որոնք ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ ուրախութեամբ պատրաստած էին սոյն ձեռնարկը եւ բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյս հովիւը, որ իր պահպանիչով փակեց ձեռնարկը։
Ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական հատիկով, որ պատրաստուած էր մեր դպրոցի խոհարարուհիին՝ Ռահէլ Թիթիզեանի կողմէն։
Յատուկ շնորհակալութիւն՝ յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն՝ Փէկի Ճինպաշեանին, Էլմիրա Սիմոնեանին, Ցոլինէ Գէորգեանին, Կարին Սէօյլէմէզեանին եւ Լիզա Մանոյեանին, որոնք ամէն տարի ճիգ չեն խնայեր սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)